ՊՐԻՒՔՍԷԼ․- 17 Մարտին, Եւրոպական Միութեան ղեկավարները «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարի քայլերը քննարկելու համար գումարեցին տեսախորհրդաժողովի ձեւով արտակարգ վեհաժողով մը, որուն ընթացքին որոշեցին միութեան արտաքին սահմանները 30 օրով փակել ոչ-անդամ երկիրներէն ճամբորդներուն առջեւ:
Իտալիոյ վարչապետ Ճիւզեփէ Քոնթէ ժողովին ընթացքին յայտնեց, որ «Քորոնա ծովաշարժը» Եւրոպական Միութեան մէջ որեւէ երկիր անվնաս պիտի չձգէ:
18 Մարտին հաղորդուեցաւ, որ փոխադարձ համաձայնութեամբ, որոշուած է ոչ-կենսական ճամբորդութիւններու եւ փոխադրութիւններու առջեւ փակել Ամերիկա-Գանատա սահմանը:
18 Մարտի տուեալներով, աշխարհի տարածքինն «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը անցաւ 200,000ի սահմանը, իսկ մահերուն թիւը` 8000ի։