ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Դաշնակցային նախաձեռնութեանց կողքին, «Քորոնա» ժահրէն տուժած քաղաքացիներուն աջակցելու հետեւեալ նահանգային եւ տեղական նախաձեռնութիւնները, ինչպէս նաեւ այլ ժամանակաւոր տնօրինումները արձանագրուած են.
– Լոս Անճելըս գաւառի Հանրային ընկերային սպասարկութեան բաժանմունքը (Department of Public Social Services, DPSS) հետեւեալ նախաձեռնութեան դիմած է.
– Անգործներ կամ մասնակիօրէն անգործ դարձած քաղաքացիները կրնան նպաստ ստանալու դիմումներ կատարել՝ https://edd.ca.gov/Unemployment/Filing_a_Claim.htm կայքէջէն.
– Ժահրէն հիւանդացածներ կրնան անկարողութեան դիմում կատարել՝
– Անոնք, որոնք ժահրէն վարակուածի մը հոգ տանին՝ https://edd.ca.gov/Disability/How_to_File_a_PFL_ Claim_in_SDI_Online.htm/t_blank?fbclid=IwAR1h6aChB9g-qjbT5S2SGOeOfJQtjbj-BqlJsUEYmloPvtHDWeCVhEIsyN8 կայքէջէն.
ՓԱՍԱՏԻՆԱ
Փասատինայի մէջ, ուր ցարդ վարակման երկու դէպքեր արձանագրուած են, քաղաքապետական խորհուրդը հետեւեալ որոշումները տուած է.
– Քաղաքային սպասարկութիւններուն համար վճարումները ուշացնելու համար տուգանքներ պիտի չգանձուին եւ սպասարկութիւնները պիտի չկասեցուին.
– 150,000 տոլար պիտի տրամադրուի տարեցնելու եւ անկարողներու ուտեստեղէն հասնցելու ջանքերուն.
– Ժահրէն տուժածները իրենց վարձած բնակարաններէն հեռացնելու քայլերը պիտի սառեցուին.
– Հանրային սպասարկութեան շարք մը քաղաքային կեդրոններ փակ պիտի մնան. յաւելեալ տեղեկութեանց համար այցելել www.cityofpasadena.net կայքը կամ դիմել (626) 744-7311 թիւին։
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ ՔԱՂԱՔ
Լոս Անճելըսի քաղաքապետ Էրիք Կարսեթի յայտարարեց, որ 11 միլիոն տոլար պիտի յատկացուի ժահրէն տուժած քաղաքացիներուն եւ տնտեսութեան, 5000էն 20,000 տոլարի յարմար պայմաններով վարկերու միջոցաւ (0 տոկոս մինչեւ վեց ամիս վարկին ամբողջութեամբ վճարուելուն պարագային, կամ 3-5 տոլոս, մինչեւ 5 տարուան ընթացքին կատարուած ամբողջական վճարման պարագային)։
Դիմելու համար այցելել lamayor.org/loan կայքէջը։
Քաղաքապետը նաեւ որոշած է 20 միլիոն տոլար յատկացնել հազարաւոր անտունիներուն ժամանակաւոր ապաստան, ուտեսեղէն եւ այլ կարիքներ յատկացնելու ջանքին։ Այդ գումարով կարելի պիտի ըլլայ հազարաւոր յաւելեալ անկողիններ յատկացնել անտունիներուն, նպաստելով ժահրին տարածումը զսպելու ջանքին։