ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ․- Լոս Անճելըս գաւառի իշխանութիւնները 24 Մարտին կոչ ըրին հանրութեան, որ շատ ուշադիր ըլլան «Քորոնա» ժահրին ստեղծած իրարանցումը շահագործողներէն՝ աւելցնելով, որ արդէն իսկ արձանագրուած են համացանցի կայքերու եւ համացանցային նամակներու միջոցաւ խարդախութիւններ, որոնց մէկ մասին նպատակն է նուիրատութիւններու պատրուակին տակ կամ անհիմն դարմաններու խոստումներով գումարներ գողնալ քաղաքցիներէն։
Ուրիշներ ստեղծած են «Քորոնա» ժահրին վերաբերեալ տեղեկութիւններ պարունակող կեղծ համացանցային կայքեր, ուր այցելողներուն տեղեկութիւնները կրնան գողցուիլ եւ շահագործուիլ։
«Քորոնա» ժահրին մասին տեղեկութիւններ ունցող վստահելի կայքերն են․
– cdc.gov
– cdph.ca.gov։
Սպիտակ տունը եւս խիստ պատիժներով կը սպառնայ բոլոր անոնց դէմ, որոնք «Քորոնա» ժահրին իրարանցումը շահագործելով՝ շարք մը ապրանքներու գիները կը բազմապատկեն կամ առողջապահութեան հարկաւոր ապրանքներ ամբարելով՝ շուկայէն հեռու կը պահեն, զանոնք աւելի սուղ գինով ծախելու նպատակով։