ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն»․- Գերմանիա, Ֆրանսա եւ Բրիտանիա, առաջին անգամ օգտագործելով Իրանի հետ առեւտուրի յատուկ համակարգը՝ բժշկական բնոյթի օգնութիւն տրամադրեցին Իրանին՝ մեղմացնելու համար «Քորոնա» ժահրին հետեւանքները պատժամիջոցներու տակ գտնուող այդ երկրին մէջ:
Օգնութեան մասին 31 Մարտին յայտարարութիւն մը հրապարակեց Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը`նշելով, որ բժշկական ապրանքնեը արդէն հասած են Իրան: Մատակարարումները կ՛իրականացուին Instex համակարգին միջոցով: Համակարգը կազմուած էր մէկ տարի առաջ, շրջանցելու համար Իրանի դէմ սահմանուած ամերիկեան պատժամիջոցները:
Իրանի առողջապահութեան նախարարութիւնը այսօր յայտնեց, որ վերջին մէկ օրուան ընթացքին վարակումներու առաւել քան 3 հազար նոր դէպքեր արձանագրուած են, ընդհանուր թիւը հասցնելով 44,605ի: Մահերուն թիւը կը մօտենայ 2900ին: