ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- «Քորոնա» ժահրի համաճարակի այս պայմաններուն տակ, Հայկական Կրթական Բարեսիրական Միութիւնը (ՀԿԲՄ) մեծապէս մտահոգուած է աշխարհի տարածքին մեր բոլոր համայնքներու առողջութեամբ եւ կը մնայ յանձնառու իր բարեգործական առաքելութեան եւ քաջալերելու երիտասարդութիւնը, որպէսզի շարունակէ իր ուսումը՝ հակառակ իր դիմագրաւած դժուարութիւններուն։ Հետեւաբար, ՀԿԲՄը ուրախ է յայտնելու, որ սկսած է ընդունիլ ուսանողական կրթանպաստի դիմումնագիրները՝ 2020-2021 դպրոցական տարեշրջանին համար: Նպաստներ պիտի յատկացուին, ընդհանուր 7500 տոլար (իւրաքանչիւրը մինչեւ 1500 տոլար) գումարով՝ անոնց, որոնք կը յաճախեն Միացեալ Նահանգներու տարածքին գործող եւ հաւատարմագրուած համալսարաններ:
Դիմողները պէտք է ունենան հայկական ծագում, ունենան նուազագոյնը 3.3 GPA եւ պէտք է գործունեայ ըլլան հայկական համայնքին մէջ:
Նշեալ պայմանները լրացնող ուսանողները կրնան այցելել https://aebu.org/our-programs/scholarship/ կայքը՝ յաւելեալ տեղեկութիւններ եւ դիմումնագիրներ ստանալու համար: Դիմումնագիրները կրնան ներկայացուիլ մինչեւ 30 Յունիս 2020, առցանց կամ նամակատան միջոցաւ՝ ուղարկելով հետեւեալ հասցէին՝ AEBU Scholarship Committee, 1060 N. Allen Ave., Pasadena, CA 91104։ Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար կարելի է հեռաձայնել (818) 344-7321 թիւին։
ՀԿԲՄը իր տարեկան նպաստները պիտի յատկացնէ մրցակցական հիմքերով եւ վերանայումէ մը ետք: Անցեալ տարի, ՀԿԲՄի Կրթանպաստի յանձնախումբը ընտրած էր վեց տաղանդաւոր համալսարանական ուսանողներ՝ գնահատելով անոնց ակադեմական կարողութիւնը եւ համայնքին մէջ անոնց ունեցած գործունէութիւնը։ Նպաստի արժանացած ուսանողները պատուըւեցան ճոխ ընդունելութեան մը ընթացքին եւ առիթը ունեցան ծանօթանալու համայնքի ղեկավարութեան հետ։ Այս տարի եւս, ՀԿԲՄի Կրթանպաստի յանձնախումբը կը ծրագրէ պատուել 2020 տարեշրջանի արժանաւորները։ Արդիւնքները պիտի յայտարարուին 1 Օգոստոսին։
Հայկական Կրթական Բարեսիրական Միութիւնը հիմնուած է 1969ին, խումբ մը նուիրեալներու կողմէ, որոնք կը հաւատան կարիքաւոր ուսանողներուն օգտակար դառնալու առաքելութեան: Մենք կը հաւատանք նաեւ, որ ուսանողական նպաստները կարեւոր ներդրումներ են մեր երիտասարդներուն կրթութեան՝ կերտելու համար աւելի փայլուն ապագայ մը:
Մեր ծրագիրներուն օժանդակելու համար կը խնդրենք այցելել https://aebu.org/donate/ կայքէջը։
ՀԿԲՄը Քալիֆորնիոյ մէջ հաստատուած բարեսիրական կազմակերպութիւն է եւ ունի ոչ-հասութաբեր՝ section 501 (c) (3) Internal Revenue Code. Tax ID # 95-3798531 կարգավիճակ:
(Հաղորդագրութիւնը՝ ՀԿԲՄէն)