ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայոց Ցեղասպանութեան 105րդ տարելիցին ընդառաջ, Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկը կոչով մը դիմած է Հայաստանի քաղաքացիներուն, հայ ժողովուրդին ու անոր բարեկամներուն` յորդորելով 24 Ապրիլին «Ֆէյսպուք»ի իրենց լուսանկարները փոխարինել յատուկ այդ նպատակով ստեղծուած, շրջանակի մէջ առնուած իրենց հարազատներուն` նահատակ կամ վերապրող, լուսանկարներով, իսկ նման նկարներու չգոյութեան պարագային՝ անուն-մականունով, նաեւ անոր մասին փոքր պատմութեամբ մը։
Այս առիթով հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի հետեւեալը. «Եթէ չկան զոհ կամ վերապրող հարազատներ, ապա տեղադրէք Ցեղասպանութեան զոհ արեւմտահայ մտաւորականների, հասարակական-քաղաքական գործիչների, ֆիդայիների, շարքային զինուորների ու զօրավարների լուսանկարները: Դրէք արեւմտահայութեան մշակութային ժառանգութեան գանձերի լուսանկարները, կիսուէք Արեւմտեան Հայաստանի ձեզ հասանելի պատկերներով: Եւ ընդամէնը մէկ պարզ գրութեամբ` ԵՍ ՅԻՇՈՒՄ ԵՄ կամ ԿԸ ՅԻՇԵՄ»: