ԵՐԵՒԱՆ, «Սիվիլնեթ».- Հայաստանի մէջ, 7 Ապրիլի դրութեամբ, հաստատուած են «Քորոնա» ժահրի վարակման 20 նոր պարագաներ. առողջացածներուն թիւը 25 է։ «Ֆէյսպուք»էն ուղիղ եթերով այս մասին յայտարարեց վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան:
«Առաջին անգամ Հայաստանում ապաքինուածների թիւը գերազանցում է կորոնավիրուսով ախտորոշուածներին», յայտնեց Փաշինեան` նկատել տալով, որ այս ժահրին դէմ պայքարին մէջ զգուշաւոր լաւատեսութիւնը կը պահուի։
Վարչապետին ներկայացուցած տուեալներուն համաձայն՝ 7 Ապրիլի դրութեամբ, Հայաստանի մէջ կան «Քորոնա» ժահր ունեցող 853 անձեր:
«Ի հարկէ, այսօրուայ թիւը գերազանցում է Ապրիլի 6ի ցուցանիշին, սակայն պարէտատունն ու առողջապահութեան նախարարութիւնը կարծում են, որ երէկուայ մեր (զգուշաւոր լաւատեսութեան մասին-Խմբ․) գնահատականը շարունակում է պահպանուել», յայտնեց Փաշինեան՝ աւելցնելով, որ 6 Ապրիլը բացառիկ եղած է նաեւ այն առումով, որ առողջացած եւ իրենց տուները մեկնածներուն թիւը առաջին անգամ ըլլալով աւելի նոր ախտորոշումներէն աւելի եղած է։
«20 հոգի նոր ախտորոշում ունենք եւ 25 հոգի առողջացումուով դուրս գրուած քաղաքացի: Եւ սա լաւ նորութիւն է», յայտնեց ան։
Կառավարութեան ղեկավարը նոյն ժամանակ նկատել տուաւ, որ 6 Ապրիլին համեմատաբար քիչ թիւով անձեր քննութեան ենթարկուած են. «Երէկուայ կատարած թեստերի քանակը կազմել է 211: Առողջապահութեան նախարարութիւնն ամէն բան պէտք է անի, որպէսզի մինչեւ շաբաթուայ վերջ օրը հազար հետազօտութիւն անենք, որն աւելի ամբողջական պատկերացում կը տայ մեր իրավիճակի մասին»:
Ըստ Փաշինեանի՝ առողջապահական համակարգի լարուածութիւնը քիչ մը նուազած է:
«Համակարգը մի փոքր դուրս է եկել ցայտնոտային իրավիճակից: Այսօրուայ դրութեամբ մենք 1400 մահճակալ ունենք կորոնավիրուս ախտորոշուած պացիենտների (հիւանդներու-Խմբ.) համար, որից միայն կէսն է զբաղուած, ինչը նշանակում է, որ մենք շատ լարուած չենք», յայտնեց ան՝ աւելցնելով, որ այս վիճակագրութիւնը յոյս կու տայ մտածելու, որ սահմանփակումներու քաղաքականութիւնը արդիւնաւէտ է: