ՆԻՒ ԵՈՐՔ, ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Ամերիկայի Ձայն», «Սի․Էն․Էն․»․- Ինչպէս Միացեալ Նահանգներու առողջապահութեան նախարարութեան բարձրաստիճան պաշտօնեաները կանխատեսած էին, կը թուի, թէ այս շաբաթը «Քորոնա» ժահրի համաճարակին դէմ պայքարին մէջ ամէնէն դժուարը պիտի ըլլայ Միացեալ Նահանգներու մէջ։
Արդարեւ, Երեքշաբթի օր առաջին ճակատի վրայ գտնուող Նիւ Եորքի նահանգապետ Էնտրու Քուոմօ յայտնեց, որ այդ օր Նիւ Եորք քաղաքին մէջ մահերուն թիւը հասած է 800ի, ինչ որ միօրեայ բարձրագոյն ցուցանիշն է, սակայն նոյն ժամանակ կայ դրական տեղաշարժ, որովհետեւ նուազած են հիւանդանոցներ ընդունուողներուն եւ վերակենդանացման բաժանմունքներ տեղափոխուողներուն թիւերը:
Միացեալ Նահանգներու տարածքին արձանագրուեցան մօտաւորապէս 1800 մահեր եւ մահերուն ընդհանուր թիւը անցած է 13,000ը։ Երկրին մէջ արձանագրուած են առաւել քան 400,000 վարակուածներ, որոնցմէ 143,000ը Նիւ Եորքի մէջ։
Կը նշուի, որ ափրիկեցի ամերիկացիներուն մօտ ժահրէն մահացողներու համեմատութիւնը շատ աւելի բարձր է։ Օրինակ, Լուիզիանայի մէջ մահացածներուն 70 տոկոսը սեւամորթ է, մինչ անոնք Լուիզիանայի բնակչութեան 33 տոկոսը կը կազմեն: Միշիկընի մէջ եւս զոհերուն 40 տոկոսը սեւամորթ է, մինչ նահանգին բնակչութեան անոնց համեմատութիւնը 14 տոկոս է:
Ըստ Միացեալ Նահանգներու մէջ համաճարակին դէմ պայքարի գլխաւոր համակարգող Էնթընի Ֆաուչիի՝ այս անհամաչափութեան գլխաւոր պատճառը ափրիկեցի ամերիկացիներուն մօտ լուրջ հիւանդութիւններու աւելի լայն տարածումն է:
Նաեւ, Ամերիկայի առողջապահական կառոյցները կը նշեն, որ Միացեալ Նահանգներու տարածքին համաճարակը Սպիկակ տան կանխատեսածէն (100,000էն 240,000) աւելի նուազ պիտի ըլլայ, եթէ մեկուսացման յանձնարարականները յարգուին: Ըստ անոնց, այդ թիւը շուրջ 80,000ի կրնայ իջնել։
Աշխարհի տարածքին, ժահրով վարակուածներուն թիւը կը մօտենայ 1․5 միլիոնի, իսկ մահացածներուն թիւը՝ 85,000ի։ Բուժուած են առաւել քան 320,000 ուրիշներ։
Իտալիոյ մէջ զոհերուն թիւը 8 Ապրիլին հասաւ 17,669ի, երբ 542 նոր մահեր արձանագրուեցան, իսկ Սպանիոյ մէջ այդ օր 628 զոհ արձանագրուեցաւ, ընդհանուր թիւը 14,673ի հասնցելով; Ֆրանսայի մէջ մահացած են 10,328 վարակուածներ։
Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը 8 Ապրիլին դարձեալ կոչ ըրաւ բոլորին, որ արագօրէն չխանդավառուին համաճարակին նահանջներէն եւ յարգեն տուն մնալու կոչերը, զսպելու համար ժահրին տարածումը։
Մինչ Արեւմուտքի մէջ պայքարը կը շարունակուի, Չինաստանի Ուհան քաղաքը, ուր սկսած էր համաճարակը, 8 Ապրիլին վերաբացուեցաւ, մօտաւորապէս 80 օրեայ շրջագայութեան խիստ սահմանափակումներէ ետք: 11 միլիոն բնակչութիւն ունեցող քաղաքին իշխանութիւնները այս յաղթանակը նշեցին հրավառութեամբ, նոյն ատեն շեշտելով, որ ստուգումները պիտի շարունակուին աշխատավայրերու, փողոցներու, օդակայաններու եւ հասարակական այլ վայրերու մէջ։
Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը հասաւ 575ի, մահերունը՝ 19ի իսկ բուժուածներունը՝ 60ի
«Միացեալ Նահանգներու տարածքին համաճարակը Սպիկակ տան կանխատեսածէն (100,000էն 240,000) աւելի նուազ պիտի ըլլայ, եթէ մեկուսացման յանձնարարականները յարգուին»:
Պէտք է կարդալ՝ «համաճարակին պատճառած զոհերուն թիւը՝ Սպիտակ Տան կանխատեսածէն (100,000էն 240,000) նուազ պիտի ըլլայ, եթէ…»: