ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Արցախի Հանրապետութեան մէջ, «Քորոնա» ժահրով վարակուած երկու անձեր եւս բացայայտուած են։ Այս մասին յայտնեցին Արցախի Հանրապետութեան առողջապահութեան նախարարութենէն:
Այսպիսով, հաստատուած պարագաներուն թիւը հասաւ 5ի:
Առաջին նոր վարակակիրը Միրիկ համայնքի հաստատուած պարագայով բնակիչին ընտանիքի անդամ է, որուն առողջական վիճակը կը նկատուի բաւարար, երկրորդը` երկկողմանի թոքաբորբ ունի, Շահումեանի շրջանի Քարվաճառ քաղաքի բնակիչ է, 1951ի ծնունդ. անոր առողջական վիճակը ներկայիս կը նկատուի միջին ծանր։
Նշուած քաղաքացիին ընտանիքին անդամները վերջին 3 օրերուն կը գտնուէին ինքնամեկուսացման մէջ` բժիշկներու խիստ հսկողութեան տակ, եւ անոր հետ կապ ունեցողներուն շրջանակը կը ճշդուի։