Արտեմիս Թօփճեան Նազարեան
(1932-2020)
9 Ապրիլին, Նիւ Ճըրզիի Էնկըլվուտ քաղաքի բնակիչ Արտեմիս Նազարեան մահացաւ Քորոնավիրուսային վարակումի պատճառած առողջական բարդութիւններու հետեւանքով: Արտեմիս ծնած էր Հալէպ, Սուրիա, 31 Յունուար 1932ին: Ծնողներն էին Նիքըլըս եւ Մարի Թօփճեան (ծնեալ Սիւլահեան): Անոնք ընտանեօք Միացեալ Նահանգներ գաղթած էին 1934-ին եւ հաստատուած Ուոթըրթաուն, Մասաչուսէց: Արտեմիս մեծցած էր բազմանդամ ընտանիքի ջերմ շրջանակին մէջ, Տնտեսական Մեծ Տագնապի տարիներուն:
Ան եղած է յառաջադէմ աշակերտ Ուոթըրթաունի Երկրորդական Վարժարանէն ներս, որմէ ետք, հակառակ որ Ռետքլիֆ քոլեճ ընդունուած էր, Արտեմիս յատուկ կրթաթոշակով իր ուսումը կը շարունակէ Պոսթըն Համալսարանի Առեւտրական Վարչագիտութեան քոլեճին մէջ, զոր կ’աւարտէ իբրեւ գերազանց աշակերտ որպէս հաշուէգիտութեան ճիւղի առաջին կին շրջանաւարտ: Որմէ ետք, ան կը պաշտօնավարէ Հէսքինզ էնտ Սէլ Ընկերութեան մէջ: Այդ միջոցին, ան կը հանդիպի իր ամուսնոյն Նազարին, որ Լիբանանէն էր եւ որուն հետ կ’ամուսնանայ 1954ին: Զոյգը կը հաստատուի Նիւ Եորքի շրջանը, ուր Նազար կը հաստատէ իր գործը, տիկինը ունենալով որպէս առտնին հաշուապահուհի:
1957ին կը ծնի իրենց դուստրը Սեդան, իսկ 1961ին, իրենց մանչ զաւակը, Լեւոն: Արտեմիս նուիրեալ մար մըն էր: Ան իր զաւակները մեծցուցած է ազնուութեան, ուշիմութեան, համբերութեան եւ նպատկասեւռութեան արժանիքներուվ: Ան սուր հիւմորով օժտուած անձ մըն էր եւ կը սիրէր կատակներ ու պատմութիւններ պատմել: Իր պատմութիւնները առասպելական էին իր բարեկամներուն եւ ընտանիքի անդամներուն համար: Ան ընտանիքի պատմաբանն էր: Ան երբ ոեւէ հայու հանդիպէր, անոր հետ 10 վայրկեան խօսելէ ետք կրնար որոշել թէ ազգականական ինչ կապերով կապուած էին իրարու հետ: Սակաւապետ էր ու պարզ ճաշակի տէր: Կը սիրէր խաչբառ լուծել, կտրատուած նկարներ կազմել, նաեւ Պէյսպոլ եւ Հըրշի Պար: Արտեմիս հիւսքի սիրահար էր: Իր հիւսած մանկական բուրդ բաճկոնները եւ անկողինի ծածկոցները տեղական ցուցահանդէսներու մէջ յաճախ մրցանակներու արժանացած էին: Ան նաեւ վարժ դաշնակահարուհի մըն էր եւ կը նուագակցէր եղբօր Ճօի ջութակի կատարումներուն: Երկու տարբեր առիթներով անոնց ելոյթը սփռուած էր Պոսթընի ձայնասփիւռէն:
Նազար եւ Արտեմիս աւելի քան 60 տարիներէ ի վեր կ’ապրէին Էնկըլվուտի մէջ: Նազարի գործի ընդարձակումին առընթեր, ծաւալ ստացաւ նաեւ իրենց բարեսիրական գործունէութիւնը: Արտեմիս ցուցադրական երեւոյթներէ հեռու, գործօն մասնակից մըն էր իր ամուսնոյն բարեսիրական ծրագիրներուն, որոնց շարքին իրագործելով նաեւ իր նախասիրած արուեստի եւ կրթութեան մարզերու անձնական նախաձեռնութիւններ: Որպէս արուեստներու հովանաւորող, ան կ’օժանդակէր ՀԲԸՄի միջոցաւ հաստատուած շարք մը կրթաթոշակներու, աշխարհի տարածքին: Ջերմ հաւատացող մըն էր կրթութեան կենսական դերին: Մանուկներու հանդէպ իր անսահման սիրոյն դրսեւորումը հանդիսացաւ Լոս Անճէլըսի Մանուկեան-Տեմիրճեան Վարժարանի Արտեմիս Նազարեան Նախամանկապարտէզի արդիական կառոյցը: Իր նախաձեռնութեամբ ան Պոսթըն Համալսարանի Առեւտրագիտական Բաժնին մէջ յատուկ կրթաթոշակ մը հաստատած էր, նախապատուութիւն տալով հայ ծագումով ուսանողներու:
Հայ եկեղեցին նոյնպէս իր կեանքին բաղկացուցիչ մէկ մասը կը կազմէր: Իր նուիրումը եւ անխախտ հաւատարմութիւնը Էջմիածինի Կաթողիկոսութեան, ինք կը վերագրէր իր Սիւլահեան մօրենական ճիւղին, որմէ բազմաթիւ կրօնաւորներ սերած էին կը հաստատէր ան հպարտութեամբ: Նիւ Եորքէն Էջմիածին, Պէյրութէն Լոս Անճէլըս, Պուէնոս Այրէսէն Հալէպ, անպայման կարելի է գտնել յուշատախտակ մը, անուանակոչուած շէնք մը, կամ յուշանկար մը, որ կը ներկայացնէ Արտեմիսի մասնակցութիւնը Կեդրոնի մը, դպրոցի մը կամ առողջապահական ծառայութեան կեդրոնի մը բացման արարողութեան, կամ զինք գնահատելու համար կազմակերպուած ձեռնարկի մը լուսանկարը, ուր ան կը տեսնուի շրջապատուած հայկական տարբեր կառոյցներու հոգեւոր կամ քաղաքական առաջնորդներով ու պաշտօնական անձնաւորութիւններով:
Արտեմիսի սրտբաց առատաձեռնութիւնը գլխաւորաբար անհատական բնոյթ ունէր: Անհաշիւ կարիքաւոր անձեր վայելած են իր ջերմ բարեսրտութիւնը, նիւթական աջակցութիւններով: Տնազուրկ ընտանիքներու եւ կարիքաւոր կանանց աջակցութեան նուիրուած կազմակերպութեան (FISH) որպէս անդամ, ան անձամբ իր անձնական ինքնաշարժով բժշկական օգնութեան կարիք ունեցող բազմահարիւր անձեր հասցուցած է դարմանատուն: Ան նաեւ երկար տարիներ վարած է Էնկըլվուտի Կանանց Ակումբի գանձապահի պաշտօնը:
Անկախ իր բազմաթիւ իրագործումներէն, Արտեմիսի կեանքը կեդրոնացած էր իր ընտանիքին վրայ, որուն հանդէպ ունեցած է անսահման նուրիուածութիւն, յատկապէս իր թոռներուն նկատմամբ, Սեդային զաւակներուն Ուիլիըմի եւ Նիքըլըսի եւ Լեւոնի ու իր տիկնոջ Քլոտիայի զաւակներուն Մէթիուի, Տանիէլայի եւ Կրէկըրիի, որոնց սրտերուն մէջ ան կը շարունակէ ապրիլ իր դրական տրամադրութեամբ, իմաստութեամբ, սրամտութեամբ եւ անսահման սիրով: Իրենց մանկութեան օրերուն, Արտեմիս անհաշիւ ժամեր անցուցած էր անոնց համար երգելով եւ արտասանելով: Անոնք մեծցած էին իր շուրթերէն կախուած, ներծծելով իր գործնական իմաստութիւնը եւ սառնասրտութիւնը, որու օրինակներէն մին կը հանդիսանայ այն դէպքը երբ Արտեմիս իր մանկութեան տան խոհանոցին մէջ, առանց թմրեցուցիչի օգնութեան, նշագեղձերու հատումի ենթարկուած էր:
Իր սիրելի ամուսնոյն Նազարի, զաւակներուն եւ թոռներուն առընթեր, Արտեմիսի կորուստը կը սգան իր եղբայրը եւ տալը, Հրանդ Ժոզէֆ եւ Քէրըն Թօփճեան, իր զարմիկները, զարմուհիները, եղբօրորդիները եւ քրոջորդիները: 2008ին մահացած էր իր քոյրը, Լէօնա Պուտաքեան:
Բոլոր անոնց համար, որոնք կը ճանչնային զինք, Արտեմիսի հոգին պիտի շարունակէ ապրիլ որպէս բարեսրտութեամբ, ջերմ հոգածութեամբ եւ առատաձեռնութեամբ փայլող ազնուականութեան տիպար:
Փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւններ կարելի է կատարել ՀԲԸՄի Կատարողական արուեստներու «Արտեմիս Նազարեան» յիշատակի կրթաթոշակի ֆոնտին, հետեւեալ հասցէով. www.agbu.org/artemisnazarian: