ԵՐԵՒԱՆ, «Սիվիլնեթ».- Հայաստանի Առողջապահութեան նախարարութեան հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգիլման ազգային կեդրոնը կը տեղեկացնէ, թէ 20 Ապրիլի դրութեամբ, Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը հասաւ 1339ի։ Արձանագրուած են յաւելեալ երկու մահեր՝ 62 եւ 90 տարեկան անձերու:
Առողջացածներուն ընդհանուր թիւը հասաւ 580ի, փաստացի բուժուողներունը՝ 737ի. քննութիւններուն թիւը՝ 13,373 է, իսկ
մահերունը՝ 22։