ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Արցախի Հանրապետութեան նորընտիր նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան յայտարարեց, որ պիտի սկսի քաղաքական խորհրդատուութիւններու շարքի մը։ Ան այս մասին յայտարարեց Ազգային ժողովի «Հայրենիք» խմբակցութեան նիստին ընթացքին։
«Այսօր հրաւիրել եմ ԱԺ «Հայրենիք» խմբակցութեան նիստ, որի ընթացքում ամփոփել ենք մեր երկրում անցկացուած խորհրդարանական եւ նախագահական ընտրութիւնների արդիւնքները, նոր տիպի կորոնավիրուսի ստեղծած իրավիճակը եւ նախանշել մեր անելիքները: Թիմակիցներիս տեղեկացրել եմ նաեւ, որ արդէն վաղուանից կը սկսեմ քաղաքական խորհրդատուութիւնների շարքը, եւ այս փուլում շատ կարեւոր էր նրանց աջակցութիւնն ու համաձայնութիւնը ստանալը», յայտնեց Յարութիւնեան։
Արցախի նորընտիր նախագահը հաստատեց, որ պիտի ընէ առաւելագոյնը, որպէսզի կարենայ արդարացնել ժողովուրդին տուած վստահութիւնը, որ պէտք է ծառայէ միայն ի շահ եւ ի բարօրութիւն Արցախի իւրաքանչիւր քաղաքացիի: