23 Ապրիլի առաւօտեան ժամը 7էն սկսեալ, եւ մինչեւ 25 Ապրիլի երեկոյեան ժամը 8:59, համացանցի միջոցաւ դիտելու տրամադրելի պիտի ըլլայ «Եւա» ֆիլմը։
Բեմադրիչ Անահիտ Ապատիի «Եւա» ֆիլմը Հայաստան-Իրան համաարտադրութիւն է։ Անիկա պատմութիւնն է կնոջ մը, որ Արցախի պատերազմին ընթացքին կորսնցուցած է իր ամուսինը եւ կ՛ուզէ մոռնալ տարիներ առաջ իր կեանքին մէջ տեղի ունեցած մութ ու ծանր պատմութիւնը: Եւան իր դստեր՝ Նարէին հետ կը հեռանայ Երեւանէն եւ կը հաստատուի Արցախ, սակայն, անցեալը ամէն տեղ կը հետապնդէ զինք:
Ֆիլմը դիտելու համար այցելել https://yeva.bpt.me/ կայքէջը: