ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայոց Ցեղասպանութեան 105րդ տարելիցին առիթով, 23 Ապրիլին՝ երեկոյեան ժամը 9ին հնչեցին եկեղեցիներու զանգերը եւ անոնց ղօղանջներուն ընթացքին 3 վայրկեան մարեցան Երեւանի եւ մարզային կեդրոններու փողոցներուն լոյսերը։
Քաղաքացիներուն կոչ ուղղուած էր նաեւ մարել իրենց բնակարաններուն լոյսերը եւ բջիջային հեռաձայններու լոյսերուն միջոցով պատուհանէն խորհրդանշել միասնական ներկայութիւն անմար կրակին շուրջ։
Լուսավառ ոգեկոչման վայրկեանը ունեցաւ իր խորհրդանշական արձագանգը Ծիծեռնակաբերդէն, ուր Կամօ Սէյրանեան եւ Լիանա Ալեքսանեան կատարեցին «Արի իմ սոխակ» երգը։
https://www.facebook.com/watch/live/?v=745435149324224&ref=external
THE OTOMANS TRIED
VERY HARD TO DESTROY THE ARMENIAN STRONG NATION.
(UNSUCCESSFUL ATTAMPT)