ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր»․- Թուրքիոյ Մարդկային իրաւանց միութիւնը Հայոց, ասորիներու, եւ յոյներու Ցեղասպանութեան 105ամեակին առթով, յայտարարութեամբ մը հանդես եկաւ, դարձեալ Անգարայէն պահանջելով ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը։
Յայտարարութեան մէջ կ՛ըսուի հետեւեալը․ «Ցեղասպանութենէն եւ անոր հերքումէն մինչ օրս, Թուրքիոյ մէջ չեն դադրած արիւնահեղութիւնները, արցունքները, ողբերը, որովհետեւ յանցանքը անպատիժ կը մնայ եւ արդարութիւնը չէ վերականգնուած, իսկ Ցեղասպանութեան անշիրիմ զոհերը կը շարունակեն տառապիլ։
Միշտ ըսած ենք եւ նորէն կը կրկնենք․
– Ցեղասպանութիւնը պետք է ճանչնալ.
– Աշխարհասփիւռ հայերէն, ասորիներէն, յոյներէն պետք է ներողութիւն խնդրել.
– Բռնագրաւուած կանխիկ գումարներուն եւ անշարժ գոյքերուն համար պէտք է վնասուց հատուցում վճարել»։