Պսակաժահրի համաճարակը աշխարհի գրեթէ բոլոր երկիրներուն մէջ պատճառ դարձած է հանրային գործունէութիւնները եւ երթեւեկը ուժգնօրէն սահմանափակող քայլեր առնելու։
Իտալիա եւս այս ուղղութեամբ խիստ կարգադրութիւններու դիմած է ժահրին համաճարակը կասեցնելու եւ վերադառնալու համար կեանքի բնականոն ընթացքին։ Բայց ոչ ոք կրնայ ստոյգ կերպով կռահել, թէ երբ ամբողջական վերադարձը պիտի իրականանայ։
Այս պատճառով, մեր «Պո-Արաքս» մշակութային ընկերակցութիւնը յարմար նկատեց Օգոստոս 2020ի համար նախատեսուած՝ Հայ լեզուի եւ մշակոյթի խտացեալ դասընթացքը, որ անընդմիջաբար տեղի ունեցած է Օգոստոս 1986էն սկսեալ եւ այս տարի պիտի բոլորէր իր 35րդ կատարումը, յետաձգուի Օգոստոս 2021ին։
Յառաջիկայ դասընթացքին մասին պատշաճ ժամանակին պիտի տրուին անհրաժեշտ տեղեկութիւնները, Նոյեմբեր 2020էն սկսեալ։
Վստահ ենք, որ հասկացողութեամբ պիտի դիմաւորէք մեր այս որոշումը։ Մինչ այդ կը մաղթենք բոլորիդ առողջութիւն եւ, Աստուծոյ հաճութեամբ, արագ ազատում ներկայ աղէտէն։
(Հաղորդագրութիւնը՝ «Պո-Արաքս»էն)