ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- «Ֆրիտըմ Հաուս» իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը յետ-խորհրդային երկիրներու ժողովրդավարութեան բարելաւման վերաբերող իր զեկոյցին մէջ, բարձր գնահատած է Հայաստանի վերջին երկու տարիներու ձեռքբերումները այս ոլորտին մէջ: Ամերիկեան հանրայայտ իրաւապաշպան կազմակերպութիւնը իր «Անցումային երկիրներ 2020» զեկոյցի հրապարակման վերաբերեալ կ՛ընդգծէ, որ Հայաստան արձանագրած է զեկոյցի պատմութեան մէջ ժողովրդավարութեան բարելաւման բարձրագոյն երկամեայ ցուցանիշը։
Զեկոյցը նուիրուած է յետ-խորհդային եւրասիական 29 երկիրներու մէջ ժողովրդավարական զարգացումներուն: Ա կնոր մէջը նշուի, որ Հայաստան վերջին երկու տարիներուն մեծ յառաջընթաց արձանագրած է ընտրութիւններու կայացման եւ փտածութեան դէմ պայքարի ոլորտներուն մէջ, սակայն դատական համակարգին շուրջ զարգացումները մտահոգութիւններու տեղիք տուած են զեկոյցին հեղինակներուն։
«Ֆրիտըմ Հաուս»ի գնահատումով՝ քաղաքական փոփոխութիւններու, օրէնքի գերակայութեան եւ փտածութեան դէմ համակարգուած պայքարին շուրջ հանրային համաձայնութիւնը հիմք ստեղծած է Հայաստանի մէջ թաւշեայ յեղափոխութեան համար: Հանրային այս պահանջը պատմական հնարաւորութիւն է ժոողովրդավարութեան զարգացման առումով:
Զեկոյցին մէջ կոչ կ՛ուղղուի՝ յատուկ ուշադրութիւն դարձնելու կառավարման համակարգի անցումային փուլին մէջ գտնուող երկիրներուն՝ առանձնացնելով Հայաստանը եւ Ուքրանիան, որոնք վերջին երկու տարիներուն արձանագրած են ժողովրդավարացման բարձր ցուցանիշներ: Այս երկիրներուն առաջնորդները այսօր կանգնած են առանց ժողովրդավարական սկզբունքներու խախտման քաղաքացիներու սպասումները արդարացնելու, վստահութիւնը պահպանելու եւ փտածութեան համակարգերը փոխելու մարտահրաւէրներուն դէմ յանդիման:
«Ֆրիտըմ Հաուս»ը կոչ կ՛ուղղէ՝ ծրագրային ծաւալուն աջակցութիւն ցուցաբերելու Հայաստանին, օրէնքի գերակայութեան եւ հաստատութիւններու ուժեղացման ուղղութեամբ, ներառեալ՝ դատական եւ ոստիկանական համակարգերու բարեփոխումները: