ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Վերնագիրը այսպէս ընտրեցի, որովհետեւ ունի իր նախապատմութիւնը:
Այսպէս, կը պատմուի, թէ Համաշխարհային Բ. պատերազմի օրերուն, ֆրանսացի զօրավար մը իր մեքենավար՝ Ժան Փիեռին ընկերակցութեամբ, ռազմական ստուգումներ կատարելու համար, ամէն օր զօրամասէ զօրամաս կ’այցելէր: Ու ամէն օր ալ, երկար բարակ քննարկումներէ ետք, պատասխանատու սպաներ իրեն նոյն հարցումը կու տային.-
-Յարգելի հրամանատար, ե՞րբ պիտի աւարտի այս պատերազմը:
Ու ինք՝ բոլորին միշտ նոյն բառերով կը պատասխանէր.-
– «ժը նը սէ փա» ես չեմ գիտեր. եւ ուսերը վեր նետելով կը հեռանար:
Ամիսներ ետք, երեկոյ մը, յոգնած ու ջարդուած, երբ տակաւին նոր վերադարձած էր իր կեդրոնը, մեքենավար Ժան Փիեռէն բաժնուելէ առաջ, այս անգամ ի՛նք անոր անմեղօրէն կը հարցնէ.-
-Ժան Փիեռ դո՛ւն ինծի ըսէ՛, քու կարծիքով, ե՞րբ պիտի վերջ գտնէ այս պատերազմը:
Ու հաւատարիմ եւ անկեղծ զինուորականը, նախ զարմացած, իրեն տրուած հարցումէն, շատ համարձակ բաէց հանդարտ ձայնով մը կը պատասխանէ.-
-«Ա պիէնթօ, մօն քաբիթէն, ա պիէնթօ», շուտով, իմ գնդապետ, շուտով:
Ու անկէ ետք, թէեւ պատերազմը տարիներ տեւած էր, սակայն այդ երեկոյ, իր հրամանատարը անկասկած հանգիստ քնացած էր:
***
Իսկ այս օրերուն, բոլորիս ծանօթ Քորոնայի «երեսէն» կամովին «բանտարկուած» ենք, մեր տուներուն մէջ: Ու շաբաթներէ ի վեր ու ամէն օր իրարու նոյն հարցումը կը հարցնենք.-
-Ե՞րբ… ե՞րբ վերջ պիտի գտնէ այս կացութիւնը: Ե՞րբ մեր ժամերու գիտակցութիւնը, մեր երազներուն պիտի մօտենայ: Ե՞րբ պիտի ազատինք մեզի սահմանուած մեր այս տարածութիւններէն. ե՞րբ մեզի բնութիւնը իր ծաղիկներով պիտի ժպտի…: Բոլորս ալ կ’ուզենք մեր բնական կեանքը ապրիլ: Ե՞րբ ապրելու բերկրանքը պիտի կարենանք համարձակ կերպով արժեւորել:
Ահա մեր իրավիճակը: Բոլորս ալ կ’ուզենք որսալ յոյսը, կեանքի սէրը, իրականութիւնն ու երազը:
Սակայն որո՞ւ հարցնենք: Ո՞վ ունի համոզիչ պատասխան մը:
Ու այն ինչ որ, այս մասին կ’ըսուի եւ կամ կը գրուի՝ արդէն կրկնութիւն կը համարուի:
Գեղեցիկ կամ տխուր կրկնութիւն: Հարց չէ: Ու կարծեմ դարձեալ նորութիւն մը պիտի չըլլայ, երբ յիշեցնեմ, որ բոլորս ալ ստիպողաբար կ’ապրինք տարբեր «նոր» կեանքով եւ «նոր» կենցաղով: Կ’ապրինք, թերեւս մեր կեանքի ամէնէն կնճռոտ ճամբուն վրայ, մեր իմացականութեան մէջ բոյն դրած ու նստած զանազան մեծ ու փոքր մտահոգութիւններուն հետ միասին:
Որովհետեւ, իրապէս այլեւս մենք այն չենք, այն ինչ որ էինք տակաւին ասկէ քանի մը ամիսներ առաջ: Պարզապէս նոր կեանքի մը խելահեղ նոր ընթացք է ասիկա: Անհանգիստ եւ անկանոն կացութիւն մը՝ որ միեւնոյն ժամանակ, հսկայ եւ տխուր իրականութիւն մը ըլլալէ չի դադրիր: Տագնապ՝ որմէ բխող անկաշկանդ պոռթկումները, աւելի կ’ալեկոծեն մեր հոգեվիճակը:
Ու եզրակացնենք՝ իրապէս, որ այս իրականութիւնն ալ անողոք է:
Իսկ հիմա, ինքզինքս մատնելով նաեւ ըսեմ, որ բոլորին նման ես ալ սենեակիս մէջ, կամ մեր տան որեւէ այլ «տեղ», կը փորձեմ փնտռել կեանքիս նոր բանալին: Ձեւով մը իմաստ տալ ինծի անժամանակ եւ անակնկալօրէն պարտադրուած կեանքիս: Անկասկած՝ որ ես ալ կորսնցուցած եմ կեանքիս հրապոյրը: Մոռցած եմ թէ ի՞նչ ըսել է երջանկութիւն: Մոռցած եմ նոյնիսկ թոռնիկ «խաղցնել», հանդարտ քանի մը էջ վէպ կարդալ, կեդրոնացած գրել, ընկերներու եւ նոյնիսկ դրացիներու այցելութիւն տալ: Ու հակառակ այս բոլորին, եթէ այս օրերուն օրագրութիւնս կանոնաւոր պահած ըլլայի, անպայման բոլոր օրերուս նոյն անունը տուած պիտի ըլլայի՝ «նոյնշաբթի»:
Ու որպէսզի ժամանակս դառնար քիչ թէ շատ ըմբռնելի, հեզասահ կամ տանելի, տանս մէջ ամէն օր իմ պատրաստած ու ծրագրած յայտագիրիս կը հետեւիմ: Այսպէս, ամէն «շաբթի» ներուն գրեթէ նոյն ժամուն, սենեակէս դուրս կու գամ, երթալու ինծի արտօնուած մինչեւ մեր տան մայր դռնէն քանի մը քայլ անդին գտնուող, պատէն կախուած նամակատուփին մօտ, անշուշտ նամակներ ու «ճանք մէյլ»երը վերցնելու եւ կամ ալ, մեր տան ետեւի բաժինը «պարտէզ» անուանած բաժինը՝ քանի մը պտղատու ծառերս ջրելու համար: Բայց անկեղծօրէն, ընդհանրապէս ժամերս կը վատնեմ, սենեակիս ցիր ու ցան թուղթերով եւ գիրքերով լեցուն տախտակէ սեղանին վրայ միշտ «արթուն» եւ ինծի նայող համակարգիչին դիմաց: Ինք՝ կարծես հնազանդ զաւակի նման, ինծի կը սպասէ: Ու հոն չես գիտեր ինչպէ՞ս այդ ինքնամփոփ պահուն, անգիտակցաբար ինքզինքս կը նետեմ յիշողութեանս պարտէզին մէջ: Երբեմն կ’ուրախանամ ու ժպիտ մը կը գծեմ դէմքիս վրայ: Բայց յաճախ ալ կը տխրիմ ու ճիշդ այդ պահուն, յուշերուս ներկայութենէն խուսափելով, կը փորձեմ անզուսպ լաւայի նման դուրս գալ սենեակէս: Եւ երբեմն ալ կը պատահի, որ մտածեմ, թէ ինչպէս պատանութեան եւ երիտասարդութեան տարիներուս ժամանակս շռայլօրէն օգտագոր-ծած էի: Իսկ այս օրերուն իւրաքանչիւր վայրկեանի վրայ սկսած էի դողալ: Կեանքի արժէքը դարձած է զգալի:
Արդ, այս բոլորէն ետք, ըսէ՛ք, ի՞նչ բանի կառչիլ, երբ կեանքը իր հրապոյրը կորսնցուցած է, եւ մեզի բաժին բերած է տարօրինակ ցնցումներ, որովհետեւ այս «կեանք» ըսուածը կորսնցուցած է նաեւ իր հոգին եւ մնացած է միայն՝ ձեւը: Մեր կեանքը, իրեն նման մեզ ալ շուարցուցած է: Նոյն այս կեանքը այս օրերուն, միայն փակ դռներէն ներս տուներուն մէջ, որ կը պահէ իր ներկայութիւնը:
Հապա աշխարհը… մի հարցնէ՛ք, ան արդէն փոթորկած է եւ դարձած «կռուի» դաշտ:
Մռայլ: Տխուր: Վէրք: Մահ:
Տեսանելի է, թէ ինչպէ՞ս հոն «հինը» կը քանդուի, բայց նորն ալ կ’ուշանայ: Նոյնիսկ մեր տան մէջ, մենք՝ էրիկ-կնիկ իրարու հետ յաճախ երկար լռութիւններով կը խօսինք ու զիրար կը դիտենք տարակուսանքի յոգնած նայուածքներով, երկաթէ խստութեամբ, եւ սակայն ամէն գիշեր միշտ մեր մտքին վրայ աղօթք մը սեղմած, կը քնանանք, յուսալով, որ այս փոթորիկը օր մը, ուշ կամ կանուխ, պիտի անցնի ու պիտի գան նոր օրեր, որոնք մեր կեանքն ալ պիտի փոխեն ու մեզի համար պիտի ստեղծեն նոր համակարգ մը:
Արդէն դպրոցները, համալսարանները եւ կրթական զանազան հաստութիւնները սկսած են առցանց իրենց ներկայութիւնը ապահովել: Ահա նորութիւնը: Հապա՞ եկեղեցիներն ու հաւատքի տուները, որոնք հաւատացեալներու պարտադիր բացակայութեան կը շարունակեն իրենց «կեանքը»:
Ու այս առթիւ մասնագէտներ, գիտնականներ, քաղաքագէտներ, առ ի մխիթարանք, մեզի կը համոզեն, որ այս «փորձանքէն» ետք, մեզի համար նոր աշխարհ մը պիտի ստեղծուի: Նոր գիւտեր: Նոր գիտութիւն: Նոր «թէքնոլոճիա», որ պիտի կարենայ չափել եւ ճանչնալ մեր այս նոր եւ արտակարգ իրավիճակը: Այս կը նշանակէ, թէ նոր կանոններով եւ նոր ուղղութիւններով բոլորովին անծանօթ աշխարհ մը մեր դիմաց պիտի յայտնուի:
Կը հաւատամ, որ ամէն ճգնաժամ նոր հնարաւորութեան մը ծնունդ կու տայ կամ կը բերէ իր հետ: Հարց է, թէ ինչպէ՞ս այս «նորը» պիտի ընդունինք կամ պիտի դիմաւորենք եւ կամ ինչպէ՞ս անոր պիտի համակերպինք:
Ու միւս կողմէ: Հապա ազգային մեր մեկուսացու՞մը: Մեր եկեղեցիները, դպրոցները, կեդրոնները եւ միութիւնները, որոնք բոլորն ալ ներկայիս կը գտնուին ծանդ պարտաւորութիւններու առջեւ:
Արդեօք նման պարագաներու պէտք եղած գիտակցութիւնը ունի՞նք: Չեմ գիտեր:
Անոր համար, ամէն օր մեր պատուհաններու ճեղքերէն կը փորձենք դիտել ամայացած մեր փողոցները, ու վախով անհամբեր կը փնտռենք մե՛ր «Ժան Փիեռ»ին անցնիլը, թերեւս ան մեր հարցումին պատասխան մը ունենայ:
Այս բոլորը՝ որպէսզի մեր երազն ու յոյսը մտնեն մեր կեանքին մէջ, թէ՛ մեզ սփոփելու եւ թէ՛ ալ ձեւով մը մեզ մեր մտածկոտ մտքերուն հանգստութիւն շնորհելու համար:
Յարգելի Պր, ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ Գրած Յոտւածներդ կարոցած եմ ևահա առիթը եկաւ և ես կրցայ համաթրիչին առչեւ նստիլ և ԱՍՊԱՐԵԶԻ միչոցով այս գրութիունթ կարդալ ես ալ տարիքս արի արողչութիունս շատ չի ներեր որ կարթամ կամ գրեմ մանաւանդ այս օրերուն այս խաիտարակ ՎԱՅՐԵՍԸ ծերերու և քանսր ունեցող ինծիպես աւելի շուտ կ,բաթվի եղեր ԱՍՏՎԱԾ Օգնական բոլորին անխտիր Առողչութիուն։ Մեր Գիլսցի հարսը յուսամ լաւ է։
ՅԱՐՔԱՆՔՆԵՐՈՎ Գարեգին։