ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի քաղաքացիական օդանաւորդութեան կոմիտէն Եւրոպական Միութեան Օդանաւորդութեան ավտանգութեան գործակալութեան ներկայացուց Հայաստանի մէջ այս ուղղութեամբ կատարած նշանակալի փոփոխութիւնները, յորդորեց վերանայիլ հայկական երկու օդանաւային ընկերութիւններուն` դէպի Եւրոպա թռիչքներ իրականացնելու սահմանափակման մասին որոշումը։ ԵՄ գործընկերները «Հայաստանի քաղաւիացիայի կոմիտէ»ին մասին վերջնական զեկոյցը պիտի տրամադրեն Մայիսի վերջաւորութեան:
Այս մասին քննարկում տեղի ունեցաւ 12 Մայիսին, Եւրոպական Միութեան Օդանաւորդութեան անվտանգութեան գործակալութեան խումբին հետ առցանց նիստին, որ տեւեց 6 ժամ, եւ որուն ընթացքին կոմիտէի եւ օդանաւային ընկերութիւններուն կողմէ ցուցադրուեցան թռիչքային անվտանգութեան ապահովման վերաբերող շնորհահանդէսներ: Կոմիտէն համապարփակ կերպով ներկայացուց Հայաստանի մէջ թռիչքային անվտանգութեան ոլորտին իրավիճակը, նշանակալի փոփոխութիւնները, նախորդ տարուան Նոյեմբեր ամսուան լսումներէն ետք առնուած յստակ քայլերը եւ հետագայ կարճաժամկէտ, միջնաժամկէտ եւ երկարաժամկէտ գործողութիւնները։
Նշենք, որ ժամանակաւորապէս սահմանափակուած էին 2 ընկերութիւններուն` դէպի Եւրոպա թռիչքներ իրականացնելու իրաւունքը (բացառութեամբ քաղաքացիներու տարհանման, մարդասիրական եւ բժշկական նպատակներով իրականացուող թռիչքները):
«Կոմիտէն յորդորել է EASA-ին վերանայել 2 աւիաընկերութիւնների` դէպի Եւրոպա չուերթեր իրականացնելու սահմանափակման մասին որոշումը` հնարաւորութիւն տալով աւիաընկերութիւններին տրամադրելու անվտանգութեան մակարդակը հաւաստող լրացուցիչ ապացոյցներ: Հաշուի առնելով խնդրի լրջութիւնը` կոմիտէն մնում է այն համոզմունքին, որ թռիչքային անվտանգութեան մակարդակի բարձրացմաn հետ կապուած խնդիրները լուծելու նպատակով անհրաժեշտ է Եւրամիութեան, անդամ պետութիւնների, EASA-ի եւ Քաղաքացիական աւիացիայի կոմիտէի սերտ համագործակցութիւնը: Ըստ Եւրոպական Միութեան գործընկերների յայտարարութեան` վերջնական զեկոյցը նախատեսւում է տրամադրել կոմիտէին այս ամսուայ վերջին», կը նշուի Հայաստանի քաղաքացիական օդանաւորդութեան կոմիտէին հաղորդագրութեան մէջ։