ՊՈԼԻՍ, «Ակօս»․- Թուրքիոյ քաղաքական դաշտը կը շարունակէ նոր եւ նորագոյն վհուկի կաթսաներ եռացնել։ Այս անգամ իշխանամէտ մամուլի գննիչները թիրախ դարձուցած են ծանօթ հրատարակիչ եւ մարդկային իրաւունքներու պաշտպան Ռակըպ Զարաքօլուն։
Նետերը ուղղած են դէպի Զարաքօլու, այս անգամ անոր վերագրելով իշխանափոխութեան համար յեղափոխութիւն ծրագրելու մեղքը։
Զարաքօլու, որ իր ամբողջ կեանքին ընթացքին տուժած է այդ տեսակի զինուորական հարուածներէ հիմա ինք է որ կը մեղադրուի նման հարուած մը ծրագրելով։ Այս պնդումին իբրեւ փաստ կը ներկայացուի Զարաքօլուի մէկ յօդուածը, որուն մէջ ան կը գրէ, թէ իշխող կառավարութիւնը պիտի կորսնցնէ իշխելու կարողութիւնը եւ պիտի հեռանայ կառավարութենէն․․․