ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ․- 14 Մայիսին, 100 տարեկան դարձաւ ամերիկահայ դիւանագէտ Էտուըրտ Ալեքսնատր, որ Համաշխարհային Բ․ պատերազմին ամերիկեան բանակին մէջ ծառայելէ ետք, զօրավարներ Այզընհաուըրի եւ Պրետլիի սպայակոյտերուն մէջ պաշտօններ ստանձնած է, ապա տասնամեակ մը եղած է «Ամերիկայի Ձայն» կայանի հայկական սպասարկութեան պետը։
1960ին, Ալեքսատր նետուած է դիւանագիտական ասպարէզ՝ աշխատելով նախկին Արեւմտեան Եւրոպայի զանզան երկիրներու ամերիկեան ներկայացուցչութիւններու մէջ, որմէ ետք ան «Ազատութիւն» կայանի հոգաբարձական կազմին մէջ եղած է։
Ան նաեւ հայ համայնքին կեանքին մէջ գործօն դեր ունեցած է՝ ստանձնելով պատասխանատու պաշտօններ եւ խորհրդատուութիւն տալով Միացեալ Նահանգներու մօտ Հայաստանի դեսպանատան, ինչէպս նաեւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան։
Ալեքսնտր նաեւ հեղինակ է երեք հատորներու, որոնցմէ մէկը նուիրուած է Սողոմոն Թեհլիրեանի կողմէ ցեղասպան Թալեաթի արդարահատոյցին։