ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Ամերիկայի Ձայն»․- Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան գլխաւոր հետաքննիչ Սթիւ Լինիք յայտնուեցաւ նախագահ Տանըլտ Թրամփի կողմէ պաշտօնանկ եղող բարձրաստիճան պաշտօնեաներու երկար ցանկին վրայ: Թրամփ յայտարարեց, թէ այս քայլին դիմած է, որովհետեւ «կորսնցուցած է Լինիքի նկատմամբ վստահութիւնը»:
Յատկանշական է, որ Լինիք վերջերս հետաքննութիւն սկսած էր արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէոյի՝ իր դիրքը չարաշահելու մեղադրանքներու հիման վրայ:
Քոնկրեսի դեմոկրատ ղեկավարնները Երկուշաբթի օր յայտարարեցին, թէ Թրամփի սովորական դարձած «վրէժխնդրական» այս քայլին գծով հետաքննութիւն պիտի սկսին՝ շեշտելով, որ պետական շարք մը այլ պաշտօնատարներ, որոնք կը փորձէին պատասխանատուութեան ենթարկել վարչակազմը, նոյն ճակատագիրը ունեցած են։: