ՆԻՒ ԵՈՐՔ, «Ռոյթըրզ»․- ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կիւթիերեշ քննադատեց այն երկիրները, որոնք կանտեսեն Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան յանձնարարականները եւ վնաս կը հասցնեն «Քորոնա» ժահրի համաճարակին դէմ միացեալ ճակատ կազմելու ջանքերուն։
«Աշխարհը այսօր սուղ գին կը վճարէ զիրար հակասող ռազմավարութիւններու պատճառով», շեշտեց ան, անուղղակիօրէն քննադատելով Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան դէմ ճակատ բացած Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփը:
Չինաստան յայտարարեց, որ 2 միլիառ տոլար պիտի յատկացնէ «Քորոնա»ի դէմ պայքարին մէջ այլ երկիրներու օգնելու համար եւ պատրաստակամութիւն յայտնեց ժահրին ծագման շուրջ միջազգային հետաքննութիւն արտօնելու, Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան ղեկավարութեամբ եւ համաճարակը վերահսկողութեան տակ առնելէ ետք:
Երեքշաբթի օր, մինչ Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան անդամ 194 երկիրները միաձայնութեամբ որոշեցին հետաքննութիւն մը իրականացնել համաճարակին դէմ իրականացուած քայլերուն եւ անոնց արդիւնաւէտութեան շուրջ, Թրամփ սպառնաց երկիրը դուրս բերել այդ կազմակրպութենէն՝ պնդելով, որ անիկա Չինաստանի կամակատարը դարձած է։
Իր կարգին, Չինաստան յայտարարեց, որ Թրամփ նման քննադատութիւններու կը դիմէ՝ ուշադրութիւնը շեղելու համար համաճարակին դէմ իր պայքարին արձանագրած ձախողութենէն։
Միւս կողմէ, Ֆրանսա եւ Գերմանիա առաջարկեցին 500 միլիառ եուրոյի հիմնադրամ մը հաստատել, Եւրոպական Միութեան անդամ եւ «Քորոնա» ժահրի համաճարակէն տուժած պետութիւններու տնտեսական վերականգնումին նպաստելու համար։
Նորագոյն տուեալներու համաձայն՝ աշխարհի տարածքին «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը կը մօտենայ 5 միլիոնի եւ մահացած են առաւել քան 322,000 անձեր։ Հինաւանդութենէն բուժուածներուն թիւը կը մօտենայ 2 միլիոնի: