ՊԱՔՈՒ, «Էյ․Փի․Էյ․», «Եուրէյժա Տէյլի Մանիթըր»․- Նախիջեւանի մէջ, 18 Մայիսին սկսան հրամանատարական զօրավարժութիւններ, որոնց կը մասնակցին ինքնավար հանրապետութեան տարածքին մէջ տեղակայուած համազօրային բանակի շարք մը ստորաբաժանումներ եւ զօրամասեր։
Նախիջեւանի մէջ տեղակայուած ստորաբաժանումները բերուած են մարտական պատրաստութեան զանազան աստիճաններու. յառաջիկայ օրերուն անոնք զբաղած պիտի ըլլան հետախուզական գործողութիւններու հակազդեցութեամբ, ինչպէս նաեւ օդային, հրթիռային եւ հրետանային հարուածներու կանխման վերաբերող քայլեր մշակելով։
Յատկանշական է, որ ռազմափորձերուն ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով Նախիջեւանի մէջ կը գործածուին թրքական արտադրութեամբ TRG-300 Tiger շարժական հրթիռարձակներ, որոնք կրնան 105էն 190 քիլոկրամ ուժգնութեամբ հրթիռներ արձակել։ Հրթիռները բաւական ճշգրտութեամբ կրնան հարուածել 90էն 120 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող թիրախներ։
Նախիջեւանի մէջ ընթացող ռազմափորձերը պիտի աւարտին 22 Մայիսին: