ԵՐԵՒԱՆ, «Լրագիր».- ԵԱՏՄի ընդհանուր շուկային մէջ կազի տեղափոխման ծառայութիւններու գինի գոյացման խնդիրը կը մնայ օրակարգի հիմնական հարց։ «Երկիր»ը, յղում կատարելով «Ի.Էյ.Տէյլի»ին՝ կը հաղորդէ, որ 19 Մայիսին, Եւրասիական տնտեսական գերագոյն խորհուրդի տեսաժողովի ձեւաչափով նիստին այս մասին խօսեցաւ Պիելոռուսի նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքօ։
Ըստ անոր՝ արդէն քանի մը տարիէ ի վեր փոխադարձաբար ընդունելի որոշում չեն գտներ, մինչ հիմնահարցի արդիականութիւնը կ՛աճի օրէ օր։ «Այսօր մենք պէտք է գտնենք բոլորիս անհրաժեշտ համախոհութիւնը», յայտարարեց Պիելոռուսի նախագահը։
Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին իր կարգին յայտարարեց, որ ԵԱՏՄի մէջ կազի տարանցման միասնական սակը պիտի ճշդուի միայն որոշ պայմաններու մէջ, որոնք ներկայիս գոյութիւն չունին։
«Ինչ կը վերաբերի մեր հայ եւ պելառուս ընկերներուն կողմէ առաջարկուող՝ կազի տարանցման եւ տեղափոխման ծառայութիւններու համար միասնական սակին, մենք կը կարծենք, թէ անիկա կրնայ իրագործուիլ միայն միասնական շուկային մէջ՝ միասնական պիւտճէով եւ միասնական հարկային համակարգով։ ԵԱՏՄի մէջ նման խոր համարկում տակաւին չկայ։ Բոլորս այդ մէկը լաւ գիտենք։ Իսկ առայժմ կազի գիները պէտք է ճշդուին շուկայական կցորդական հիման վրայ՝ նկատի առնելով ծախսերը եւ մատակարարներու ներդրումները, նաեւ ապահովելով արդիւնահանման մէջ ներդրուած դրամագլուխին՝ հիմնաւորուած չափով եկամուտը։ Ատիկա սովորական համաշխարհային գործելաոճ է», նշեց Փութին։
Ըստ անոր՝ այսօր Եւրասիական տնտեսական համարկման ռազմավարական ուղղութիւններու զարգացման նախագիծը մինչեւ 2025 թուական ստորագրելուն կը խանգարէ միայն մէկ հարցի մէջ տարակարծութիւնը՝ կազի տեղափոխման գիները։
«Եթէ հայ եւ պելոռուս բարեկամներուն դիրքորոշումը պիտի մնայ անփոփոխ, հաւանաբար, տրամաբանական պիտի ըլլայ ընդհանրապէս բացառել կազի կէտը ռազմավարութեան նախագիծէն, որպէսզի անիկա հաստատուի», աւելցուց Ռուսիոյ նախագահը: Կազի գինի գոյացման մօտեցումներու քննարկումը կարելի է շարունակել անդամ պետութիւններուն փորձագէտներուն եւ Եւրասիական տնտեսական յանձնախումբին միջոցով»։
Յիշեցնենք, որ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կազի գինի գոյացման հարցով իր խօսքին մէջ հաստատեց, որ ԵԱՏՄի համարկման հիմնական սիւներէն մէկը պէտք է դառնայ ուժանիւթի միասնական շուկան` ոչ խտրական սկզբունքներով:
«Գլոբալ (համաշխարհային-Խմբ.) տնտեսական մարտահրաւէրների պայմաններում, որից առաջ կանգնած ենք, գազային ընդհանուր շուկայի ստեղծումը Հայաստանը զգում է շատ սուր: ԵԱՏՄում ինտէգրացիայի հիմքերից մէկը պէտք է դառնայ էներգառեսուրսների միասնական շուկան` ոչ խտրական սկզբունքներով: Առանց դրա անհնար է ինտէգրացիոն գործընթացների որակական առաջընթաց», նշեց Փաշինեան:
Ան ընդգծեց, որ տնտեսական համարկման զարգացման ռազմավարական ուղղութիւններուն մասին փաստաթուղթին մէջ պէտք է արձանագրուի ԵԱՏՄի ընդհանուր կազի շուկային մէջ կազի գնագոյացման միասնական մօտեցումներու կիրարկման սկզբունքը: