ԵՐԵՒԱՆ, Սիվիլնեթ».- Ստեփանակերտի մէջ, 22 Մայիսին տեղի ունեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Արցախի նորընտիր նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի առանձնազրոյցը:
Փաշինեան իր խօսքին մէջ ըսաւ, որ Արցախի մէջ նկատած է ստեղծումը շատ լաւ մթնոլորտի՝ կարեւոր նկատելով այս մթնոլորտը այս մակարդակի վրայ պահելը եւ աւելի զարգացնելը: «Եւ ի հարկէ շատ կարեւոր եմ համարում, որ Հայաստանի եւ Արցախի իշխանութիւնների միջեւ արդիւնաւէտ համագործակցութիւն տեղի ունենայ, դրա համար կան անհրաժեշտ բոլոր նախադրեալները: Համոզուած եմ` այդպէս էլ կը լինի», նշեց ան:
«Մեր հասարակութեանը ես դիտարկում եմ որպէս մէկ ամբողջութիւն, չկայ Հայաստանի ժողովուրդ, Արցախի ժողովուրդ, կայ հայ ժողովուրդ եւ մենք այդ սկզբունքից ելնելով պէտք է պահենք մթնոլորտը, զարգացնենք: Այն նախադրեալները, որոնք այսօր ստեղծուած են Արցախում ոչ միայն բարոյահոգեբանական, այլեւ տնտեսութեան զարգացման, սոցիալական (ընկերային-Խմբ.) ծրագրերի, հայրենադարձութեան առումով, ամէն ինչ հնարաւոր է իրականացնել համատեղ աշխատանքի շնորհիւ», Իր կարգին յայտնեց Արայիկ Յարութիւնեան։
Այնուհետեւ հանդիպումը շարունակուեցաւ Հայաստանի եւ Արցախի արտաքին գործոց նախարարներ Զօհրապ Մնացականեանի եւ Մասիս Մայիլեանի մասնակցութեամբ: Քննարկուեցան երկու հայկական հանրապետութիւններուն արտաքին գերատեսչութիւններուն փոխգործակցութեան արդիւնաւէտութեան բարձրացման եւ արտաքին օրակարգի հարցերուն մէջ աւելի ներառական աշխատանք ծաւալելու վերաբերեալ հարցեր:
Նախագահ Յարութիւնեան լուսարձակի տակ առաւ Արցախի միջազգային գերիշխանութեան բարձրացման առումով Հայաստանի Հանրապետութեան կարեւորագոյն դերակատարութիւնը` շեշտելով, որ այդ ուղղութեամբ համատեղ ջանքերը պէտք է անընդհատ աւելնան։