
Վերջին երկու ամիսներու ապրելակերպն ու ընթացող կեանքը ինչպէս որ է (չէ), այնքան մը արմատախիլ կ՛ընէ անգիր թէ գրաւոր օրէնքները, որ մարդ էակը միօրինակութիւն կոչուած աշխարհ մուտք կը գործէ սովորականն ու արտասովորը իրարու խառնելով եւ, եզակի կացութիւններ ստեղծելով, կը բարձրանայ բեմահարթակ, կամ այս օրերուն աւելի մօտէն համընկնելու եւ իրապաշտ ըլլալու համար` կը սեղմէ առցանց պաստառ:
«Ընկե՛ր ջան, բան չհասկցանք: Եթէ մեր մասին կը խօսիս, քիչ մը պարզ, կարճ ու կտրո՛ւկ արտայայտուէ…»:
Այո՛, այսպէ՛ս պիտի արտայայտուէին երկու ընկերները` Սերոբ Ղազուրեանն ու Գարեգին Թուլումեանը, որոնք հազիւ տասը օրերու տարբերութեամբ «Քորոնա» ժահրի այս դաժան օրերուն հեռացան աշխարհէն:
Ընկերնե՛ր` Սերոբ եւ Գարեգին, պիտի զարմանա՛ք: Մահագրութիւնն ալ արտասովոր դարձած է: Այո՛… սովորականէն դուրս: Միասին կը գրեմ ձեր մասին եւ խնդրեմ «մեծաքանակ»-ի իմաստով մի՛ առնէք այս մահագրութիւնը: Պարզապէս մօտիկ ընկերներ էիք եւ գրեթէ միասնաբար մեկնեցաք անդենական:
… Երկու ընկերներուն մասին շատ բան կարելի է գրել, սակայն զիրենք պէտք չէ նեղացնեմ` անհարկի մանրամասնութիւններ արձանագրելով: Է՛հ, այս պարագային, հպանցիկ անդրադարձ կատարելը իսկապէս որ շատ աւելի դժուար է, քան ստուար տեղեկութիւններով լեցուն գրութիւն մը մրոտելը:
Եօթը տարուան տարբերութիւն կար երկու ընկերներուն միջեւ: Լիբանանի մէջ իսկ դրացիներ` անոնք միշտ ալ մնացին մօտիկ, թէեւ ապրեցան Նոր Աշխարհի տարբեր քաղաքներու մէջ:
Սերոբ Ղազուրեանը աւելի քան երեսուն տարի առաջ, Ֆրեզնօ ժամանելէ կարճ ատեն մը ետք, հաստատուեցաւ Տիթրոյթ (Միշիկըն), հոն ալ մահացաւ:
Հեզ եւ համակրելի. ո՞վ կը մոռնայ եւ չի յիշեր ընկերասէր ընկեր Սերոբը, որ մի՛շտ ալ առանց գանգատելու եւ դժգոհելու կը կատարէր իր պարտականութիւնը` ամենապարզէն ամենաբարդը: Միշտ ալ հանդարտ եւ ինքնավստահ, դէմքին դրոշմուած իւրայատուկ ժպիտով ան յարգանք կը պարտադրէր: Քաջատեղեակ էր տիպար դաշնակցականի անգիր օրէնքներուն: Սակաւախօս եւ հաւատարիմ, ան յատկապէս վերջին տարիներուն շարունակ նեցուկ կը կանգնէր նոր սերունդին, ապագայ սերունդին, յաճախ ըսելով. «Ընկերնե՛ր, ես այլեւս տարիքս առած եմ, սակայն կը մնամ ձեր տրամադրութեան տակ: Որեւէ առաջարկ կամ պարտականութիւն…պատրաստ եմ ձեր կողքին գործելու: Կը կրկնեմ, երբեք մի՛ կաշկանդուիք: Դո՛ւք էք, որ ջահը վառ պիտի պահէք: Մենք ալ ձեզի թիկունք պիտի կանգնինք»:
Վերջին տարիներուն, երբ այս բառերը կրկնէր, շուտով կը յուզուէր ան:
Անոր այլայլումը շատ աւելի զգալի էր, երբ վերջին անգամ վերադարձաւ Հայաստանէն, որ աւելի քան տասը տարիէ ի վեր իրեն համար, իր իսկ բացատրութեամբ, եղած էր տարեկան յաճախակիութեամբ «ջուրի ճամբայ»:
Այդ «ջուրի ճամբէն» վերադարձին էր, որ օդանաւին մէջ պատահմամբ հանդիպեցայ ընկեր Սերոբին: Առաջին անգամ ըլլալով նկատած էի, որ ան անթացուպով էր: Ուզեցի աննկատ ձգել, բայց ինքն էր, որ` քնքուշ ժպիտը դէմքին, ամենայն հեզութեամբ ըսաւ.- «Տեսա՞ր ընկե՛ր, գաւազանակիր ալ եղանք»: Պատասխանս ակնթարթային էր. «Ես ալ բախտն ու պատիւը ունիմ այդ գաւազանակիրին մօտ ըլլալու»:
Այսպէս, մարտ 30-ին, «Քորոնա» ժահրի այլանդակ օրերուն առյաւէտ մեկնեցաւ մեր ընկեր Սերոբը:
… Եւ անոր հրաժեշտէն տեղեակ չեղաւ ապրիլ 10-ին մահացած Գարեգին Թուլումեանը, որ ցայսօր շարունակուող այս ահաւոր օրերուն, անկողինի կը ծառայէր հիւանդանոցի մը մէջ, ուր միայն ու միայն հիւանդապահներն ու բժիշկները արտօնութիւն ունէին այցելելու:
Առաջին օրերուն բջիջային հեռաձայնով կարելի էր խօսիլ ընկեր Գարեգինին հետ, սակայն յետոյ ան չէր պատասխաներ. եւ օր մըն ալ… գոյժը:
Գարեգինն ալ Սերոբին նման Պէյրութի «քաղաքի շրջան»-էն էր, սակայն շատ աւելի շուտ, գործի պատճառով շրջանէն հեռացաւ: Ան ալ ժպտուն էր, բայց տարբեր ժպիտ: Կատակասէր եւ քաջ, ամէնէն դաժան պայմաններուն իր կորովը պահած, առանց իրարանցում ստեղծելու կը կատարէր իր պարտականութիւնը: Մարմինով լեցուն, սակայն այնքա՜ն ճկուն էր եւ հոգւով թեթեւ, իր արագ ու կայծակնային շարժումներով, անակնկալի կը բերէր ամէնէն տոկուն մարմնի տէր մարմնամարզիկն անգամ:
«Դաշնակցականը տարիք չի՛ ճանչնար», կ՛ըսէր ան եւ կը շարունակէր զրուցել թէ՛ իրմէ աւելի տարեց եւ թէ՛ երիտասարդ ընկերներուն հետ: Ամէնէն դաժան պայմաններուն իսկ, միշտ այդ իւրայատուկ ժպիտը դէմքին, պարզ խօսքով մը` «Այս ալ կ՛անցնի, բան մը չէ», կ՛ըսէր եւ կը խրախուսէր իր մօտիկ շրջապատը:
Բազմիցս ճամբորդութիւններ կատարած եւ այդ ձեւով ալ օտար լեզուներու տիրացած ընկեր Գարեգինը աւելի քան քսան տարիէ ի վեր Լոս Անճելըս հաստատուած էր, սակայն Լիբանանի ընկեր Գարեգինէն բիծ մը չէր փոխուած: Ընդհակառակը, կառչած մնացած էր իր սովորութիւններուն, ապրելակերպին, խօսակցութեան ոճին: Եւ ինքնավստահ ծիծաղով մը կ՛արտայայտուէր. «Միեւնոյն Գարեգինն եմ: Ո՛ւր կ՛ուզէք` տարէ՛ք, այդպէս ալ պիտի մնա՛մ»:
Թող չխաբուի ընթերցողը: Հակառակ իր կեանքը առերեւոյթ «թեթեւ» ապրելուն, Գարեգին գերզգայուն, գթասիրտ եւ հաւատացեալ տիպար մըն էր:
Ընկերային հեռաւորութիւն պարտադրող օրերուն, յապաղումով եւ յապաւումով գրուած այս քանի մը տողը մէկ փոքր եւ հպանցիկ նշոյլն է ձեր կատարածին, որուն վարձատրութեան մասին խօսիլը կամ պարզ ու մեկին «վարձքերնիդ կատար» ըսելը զայրոյթ պիտի պատճառէ:
Ընկերնե՛ր` Սերոբ եւ Գարեգին, դուք միշտ ալ կը սիրէիք լուսանցքի մէջ մնալ, չերեւիլ, գործել ու շարունակ գործել, առանց իսկ ստանալու ամենադոյզն գնահատականը: Ձեր նմաններուն թողած պարապութիւնը միշտ զգալի պիտի ըլլայ…
ՍԳԱԿԻՐ