ԱՊԱՔԻՆՄԱՆ ՄԱՂԹԱՆՔ
Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ հովիւը, հոգաբարձութիւնը եւ յարակից մարմինները շուտափոյթ ապաքինում ու կատարեալ առողջութիւն կը մաղթեն հոգաբարձութեանս անդամ Յակոբ Չէքիճեանին, որ անկումի մը պատճառով, այժմ ապաքինման շրջան մը կը բոլորէ։
ԽՆԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆ-ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱՆՔ
Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ հովիւը, հոգաբարձութիւնը եւ յարակից մարմինները լաւագոյն մաղթանքներով՝ կը շնորհաւորեն եկեցեղեւոյ հոգաբարձութեան անդամ տէր եւ տիկ. Մեսրոպ Աբրահամեանները, որոնք բախտաւորուած են մանչ թոռնիկով մը, նաեւ տէր եւ տիկ. Վահէ Աբրահամեանները՝ ծնողքը նորածինին, զոր անուանած են Ալեք։