Լիբանանի քաղաքական անկայունութեան պատճառաւ, տնտեսական տագնապ ապրող մեր հայրենակիցներուն օժանդակելու միտումով՝ ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութիւնը աշխարհասփիւռ իր միաւորներուն եւ սփիւռքահայութեան կոչ ուղղեց՝ օգնութեան ձեռք երկարելու Լիբանանի մեր հայ ժողովուրդին, որ տնտեսական տագնապ կ՛ապրի այս օրերուն, եւ «Քորոնա» ժահրի աղէտին պատճառաւ, առաւել եւս վատթարացած է անոր առօրեան:
ՀՕՄի Գանատայի Շրջանային վարչութիւնը, ընդառաջելով Կեդրոնական վարչութեան կոչին՝ անմիջապէս զօրաշարժի ենթարկեց իր մասնաճիւղերու վարչութիւնները եւ անդամները, որոնց միասնական ջանքերով հանգանակուեցաւ 15,000 ամերիկեան տոլար։ Հանգանակուած այս գումարներով մենք օժանդակած կ՛ըլլանք Լիբանանի Օգնութեան Խաչի ծրագիրներուն․
– «Պնակ մը կերակուր», 500 տոլար՝ միօրեայ տաք ճաշ 150 հոգիի.
– «Յոյսի արկղ», 150 տոլար՝ մէկ ամսուան ուտեստեղէնի սնտուկներ կարիքաւոր իւրաքանչիւր ընտանիքի.
– «Գոյատեւման պիտոյքներ», 250 տոլար՝ բարեկեցիկ կեանք ապահովելու մէկ ամսուան ուտեստեղէն, դեղօրայք եւ հիմնական պիտոյքներ։
Մեր գործունէութիւնը սակայն իր լրումին չէ հասած եւ հանգանակութիւնները կը շարունակուին։ Առ այդ, կոչ կ՛ուղղենք Գանատայի տարածքին մեր անդամներուն եւ ազգայիններուն, օգնութեան ձեռք երկարելու լիբանանահայութեան անմիջական օգնութեան այս շատ կարեւոր ծրագիրին:
ՀՕՄի Գանատայի Շրջանային վարչութիւնը կու գայ իր խորին շնորհակալութիւնները յայտնել բոլոր նուիրատուներուն, որոնք ճգնաժամային այս օրերուն նեցուկ կը կանգնին մեր հայրենակիցներուն։
Հայ Օգնութեան Միութեան Գանատայի Շրջանային Վարչութիւն