ՀԱՄԱՃԱՐԱԿԸ ՔՈՐԷԱՅԻ, ՎԻԷԹՆԱՄԻ, ԻՐԱՔԻ ԵՒ ԱՖՂԱՆԻՍՏԱԻ ՊԱՏԵՐԱԶՄՆԵՐԷՆ ԱՒԵԼԻ ԱՄԵՐԻԿԱՑԻ ԶՈՀԵՐ ԽԼԱԾ Է
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Լոս Անճելըս գաւառի իշխանութիւնները 28 Մայիսի յետմիջօրէին յայտարարեցին, թէ նախորդող 24 ժամերուն ընթացքին, «Քորոնա» ժահրով վարակուած 48 քաղաքացիներ մահացած են գաւառին տարածքին եւ արձանագրուած են վարակման 1094 նոր պարագաներ։
Ցարդ Լոս Անճելըս գաւառի տարածքին արձանագրուած են 49,774 վարակումներ եւ 2241 մահեր, որոնց 93 տոկոսը առողջական այլ բարդութիւններ ունէր։ Քննութիւններուն թիւը հասած է 531,000ի, որոնցմէ 8 տոկոսը վարակակիր եղած է։
Լոս Անճելըս գաւառի հանրային առողջապահութեան ծառայութիւններուն կարելի է ծանօթանալ՝ այցելելով www.publichealth.lacounty.gov կայքը։
Միւս կողմէ, Քալիֆորնիոյ տարածքին վարակուածներուն թիւը կը մօտենայ 104,000ի եւ արձանագրուած են 4039 մահեր։ Միացեալ Նահանգներու մէջ այդ թիւերը յաջորդաբար՝ 1․78 միլիոն եւ 103,669 են։
Այս վերջին տուեալը կը նշանակէ, որ համաճարակը երեք ամսիսներու ընթացքին աւելի մեծ թիւով ամերիկացիներու կեանքեր խլած է, քան՝ Քորէայի, Վիէթնամի, Իրաքի եւ Աֆղանիստանի պատերազմները, որոնք միասնաբար մօտաւորապէս 44 տարի տեւած են։
Միացեալ Նահանգներէն ետք վարակուածներու մեծագոյն թիւը ունեցող Պրազիլի մէջ վարակումներու արագ աճը կը շարունակուի եւ հասած է 438,812ի, իսկ մահերուն թիւը՝ 26,764ի։
Աշխարհի տարածքին վարակուածներուն թիւը կը մօտեանյ 6 միլիոնի, իսկ մահերունը՝ 364,000ի։ Ապաքինած են մօտաւորապէս 2․63 միլիոն վարակուած անձեր։