ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին շնորհաւորեց վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի տարեդարձը՝ հեռաձայնային զրոյցի մը ընթացքին, եւ անոր մաղթեց առողջութիւն եւ յաջողութիւն, նաեւ՝ շուտափոյթ ապաքինում անոր եւ անոր ընտանիքի անդամներուն։
Զրոյցին նիւթ եղան նաեւ «Քորոնա» համաճարակին իրավիճակը եւ հետագայ հաւանական զարգացումները: Այս պարունակին մէջ, անոնք քննարկեցին երկու երկիրներուն առողջապահութեան նախարարութիւններուն միջեւ համագործակցութեան հարցերը:
Նախագահ Վլատիմիր Փութին ընդգծեց, որ Ռուսիա կ՛աջակցի Հայաստանին՝ համաճարակին դէմ պայքարին մէջ։