ԵՐԵՒԱՆ, «Սիվիլնեթ».- 1 Յունիսէն սկսեալ, սովորական անձնագիրներ կրող Իրանի քաղաքացիները իրաւունք ունին առանց արտօնագիրի ձեւակերպման մուտք գործելու Հայաստան։ Այս մասին յայտարարութեան մը միջոցաւ յայտնեցին արտաքին գործոց նախարարութենէն:
«2020թ․ Մայիսի 31ին աւարտուել է 2016թ. Յունիսի 5ին ստորագրուած «Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան եւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան կառավարութեան միջեւ քաղաքացիների առանց մուտքի արտօնագրի այցելութիւնների մասին» փոխըմբռնման յուշագրի ժամանակաւոր կասեցման ժամկէտը, եւ 2020թ․ Յունիսի 1ից սովորական անձնագրեր կրող ԻԻՀ քաղաքացիները իրաւունք ունեն առանց արտօնագրերի ձեւակերպման մուտք գործել Հայաստանի Հանրապետութիւնէ», կ՛ըսուի յայտարարութեան մէջ:
Նախարարութիւնը կը յիշեցնէ, որ Հայաստանի մէջ արտակարգ դրութիւնը սահմանուած է մինչեւ 13 Յունիս, հետեւաբար, անորմով պայմանաւորուած անձերուն Հայաստանի տարածք մուտքի եւ Հայաստանի տարածքէն ելքի սահմանափակումները կը պահպանուին մինչեւ արտակարգ դրութեան կարգավիճակին աւարտը: