ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Արցախի տագնապի բանակցային գործընթացին մէջ արմատական տեղաշարժեր չկան: Այս մասին իր շաբաթական ելոյթին ընթացքին յայտնեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական խօսնակ Մարիա Զախարովա:
«Մենք հանդէս կու գանք այդ ձգձգուող, երկարատեւ ճգնաժամի բանակցային ճամբով քաղաքական լուծման օգտին: Եւ պիտի ընենք ամէն բան՝ իբրեւ դրացի պետութիւն, իբրեւ երկիր, որուն հետ կը միաւորէ երկարատեւ բարեկամութեան, փոխգործակցութեան եւ համագործակցութեան պատմութիւնը այդ երկիրներուն հետ, որպէսզի բերենք մեր կառուցողական ներդրումը», յայտնեց Զախարովա:
Ան նաեւ ընդգծեց Ռուսիոյ դերը՝ իբրեւ համանախագահ, որ կը մասնակցի Մինսկի խումբի աշխատանքներուն:
«Հակառակ անոր որ որեւէ արմատական տեղաշարժեր չկան, բայց կրնամ հաստատել, որ լաւատեսութիւն մը կայ», շեշտեց Զախարովա։