ԼԱ ՔՐԵՍԵՆԹԱ․- Ինչպէս գիտէք, այս օրերուն, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն մէջ տեղի կ՛ունենան բողոքի ցոյցեր եւ քաղաքացիական անկարգութիւններ։
Արեւմտան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի տնօրինումով, Կիրակի, 7 Յունիսին, թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ, Ս. պատարագի ընթացքին «Տէր Ողորմեա»ի յատուկ աղօթք պիտի բարձրացուի աշխարհի խաղաղութեան եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ անդորրութեան վերահաստատման խնդրանքով։
Սրբազանը պիտի հանդիսապետէ Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ պատարագին։
«Կը հրաւիրենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդը միանալու մեզի եւ աղօթակից դառնալու, որպէսզի խաղաղութիւնը, եղբայրական սէրը, միասնականութիւնը եւ արդարութիւնը տիրեն բոլորին սիրտերուն մէջ», կ՛ըսուի առաջնորդարանին յղած հաղորդագրութեան մէջ։