ԵՐԵՒԱՆ, «Սիվիլնեթ».- Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան գրառում կատարելով՝ տեղեկացուց, որ կատարուած են շարք մը պաշտօնանկութիւններ եւ անոնց փոխարէն՝ նշանակումներ։
Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերու ընդհանուր հրամանատար Արտակ Դաւթեան (այս պաշտօնը վարած է 24 Մայիս 2018էն ի վեր) պաշտօնանկ եղած է, անոր փոխարէն նշանակուած է զօր. Օննիկ Գասպարեան:
Պաշտօնանկ եղած է Էդուարդ Մարտիրոսեան (19 Մարտ 2020ին նշանակուած էր ԱԱԾի տնօրէն), անոր փոխարէն այս պաշտօնը ստանձնած է Արգիշտի Քեարամեան, իսկ Վահէ Ղազարեան նշանակուած է ոստիկանութեան պետ՝ Արման Սարգսեանի փոխարէն։
Աւելի կանուխ յայտնուեցաւ, որ Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան ստացած էր վերոյիշեալ պաշտօնանկութիւններուն վերաբերեալ առաջարկները, որոնք ուժի մէջ մտան անոր կողմէ ստորագրուելէ ետք։