ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը (ԱԱԾ) կը շարունակէ բացայայտել համացանցին վրայ՝ պետութեան, հասարակութեան եւ անձի անվտանգութեան վնաս հասցնող կեղծ տեղեկատուութիւն հրապարակող եւ տարածող կեղծ օգտատէրեր:
ԱԱԾն յայտնեց, որ ընթացիկ տարուան 21 Մայիսին, «WhatsApp» բջիջային ծրագիրին մէջ արձանագրուած ուքրանական +380963496856 հեռաձայնի թիւով «Alex» անունով եւ «YouTube» ընկերային ցանցին վրայ «Armen Tigranian» տուեալներով օգտատիրոջ կողմէ տարածուած է տեսանիւթ մը, որուն մէջ իբր թէ Ատրպէյճանի քաղաքացիներ անարգել կը շրջին Երեւանի մէջ, ուր մնացած են «Քորոնա» ժահրին պատճառով, եւ կը կատարեն տեսանկարահանումներ, իսկ Հայաստանի յատուկ ծառայութիւնները անգործութեան մատնուած են:
Կատարուած հետազօտութիւններուն իբրեւ արդիւնք՝ պարզուած է, որ տարածուած տեսանիւթը մոնթաժի արդիւնք է, որուն կցուած է նախապէս պատրաստուած ձայնագրութիւնը: Պարզուած է նաեւ, որ նշուած տեսագրութիւնը տարածելու համար ուքրանական +380963496856 հեռաձայնի թիւով բաժանորդը «WhatsApp»ի մէջ արձանագրած է խումբ մը, որուն մէջ ներառած է քանի մը տասնեակ հայկական հեռաձայնի թիւեր եւ նոյն ատեն վերջիններուս ուղարկած այդ տեսագրութիւնը:
«Նշուած հանգամանքը մէկ անգամ եւս վկայում է, որ ադրբեջանական կողմը փորձում է կեղծ եւ սիրողական մակարդակով բարձրացնել անդունդում գտնուող ադրբեջանական ժողովրդի «մարտական ոգին»: Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներին մէկ անգամ եւս յորդորում ենք բջջային յաւելուածներով եւ սոցիալական կայքերով շփումներում լինել առաւել զգօն, ցուցաբերել զգուշաւորութիւն ու շրջահայեացութիւն, չմատնուել խուճապի ու չտարածել նմանօրինակ տեսանիւթեր, իսկ այդպիսի տեսանիւթերի ստացման դէպքում ուղարկող օգտատէրերի մասին տեղեկացնել ՀՀ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեանը», կը յայտարարէ ԱԱԾն: