ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան 23 Յունիսին ընդունեց Շահումեանի շրջանի վարչակազմի ղեկավար Հայկ Պետրոսեանը, որ զեկուցեց ընթացիկ աշխատանքներու, համավարակային իրավիճակին եւ ընկերային-տնտեսական հարցերուն մասին:
Արայիկ Յարութիւնեան նշեց, որ տարածքային համաչափ զարգացման ծիրին մէջ, պետական միջոցներով շուտով պիտի սկսի Վարդենիս-Մարտակերտ մայրուղիէն դէպի Քարվաճառ տանող շուրջ 18 քմ. երկարութեամբ ճամբուն կուպրապատումը, միջոցներ պիտի յատկացուին ներհամայնքային ճամբաներու սալապատման աշխատանքներու կազմակերպման, բնակարանային պայմաններու բարելաւման նպատակով շինանիւթերու ձեռքբերման համար, շրջանին պիտի յատկացուի յաւելեալ 50 միլիոն դրամ, պիտի իրականացուին նաեւ հայրենադարձութեան խթանման նոր ծրագիրներ:
Հանդիպման մասնակցեցաւ Արցախի տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարար Ժիրայր Միրզոյեան: