ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Արամ Ա. կաթողիկոսի գահակալութեան 25ամեակին առիթով, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ եպիսկոպոսական Ս. պատարագ պիտի կատարուի Կիրակի, 28 Յունիսին, առաւօտեան ժամը 11էն սկսեալ:
Պատարագը պիտի մատուցանէ եւ յաւուր պատշաճի իր պատգամը փոխանցէ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան։
Պատարագին ընթացքին, առաջնորդ սրբազան հօր հանդիսապետութեամբ եւ մասնակցութեամբ առաջնորդական փոխանորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեանի, Կրօնական ժողովի ատենապետ Միւռոն Ծ. վրդ. Ազնիկեանի եւ քահանայ հայրերուն՝ պիտի կատարուի հայրապետական մաղթանք:
«Սիրով կը հրաւիրենք հաւատացեալ մեր ժողովուրդը ներկայ գտնուելու սոյն հոգեպարար արարողութեան, միասնաբար աղօթելու Վեհափառ Հայրապետի առողջութեան եւ երկար տարիներու գահակալութեան համար, ունկնդրելու առաջնորդ սրբազան հօր պատգամը եւ հաղորդակից դառնալու օրուայ խորհուրդով», նշուած է Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հովիւներու եւ Հոգաբարձութիւն յղած հաղորդագրութեան մէջ։
Պատարագը պիտի սփռուի առցանց (online), եկեղեցւոյ Դիմատետրի էջով եւ կայքէջի միջոցով (www.stmarysglendale.com):