ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- 24 Յունիսին ամբողջացաւ Հռոմի Ֆրանսիս պապին Հայաստան կատարած հովուապետական այցելութեան չորրորդ ամեակը: Սուրբ Աթոռի Հայաստանի դեսպանութեան «Ֆէյսպուք»ի էջէն կը տեղեկանանք, որ մինչեւ այսօր կը շարունակուին միջազգային ընդգրկում ունեցող այդ անմոռանալի իրադարձութեան արձագանգները։
Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութիւնը 2020ը յայտարարած է «Բոյսի առողջութեան պահպանման միջազգային տարի». այդ նախաձեռնութեան միացած է նաեւ Վատիկանը՝ հրապարակելով դրոշմաթուղթ, որուն վրայ պատկերուած է, թէ ինչպէ՛ս Հայաստան այցելութեան ընթացքին Ֆրանսիս պապը, Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին հետ կը ջրէ խորհրդանշական Նոյեան տապանին մէջ տնկուած որթատունկը՝ անորմով հաստատելով նաեւ, որ բոյսի եւ երկրագունդի առողջութեան թեման հոգեւոր արժէք է։