ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- «Բարգաւաճ Հայաստան», ՀՅԴ եւ «Հայրենիք» կուսակցութիւնները 30 Յունիսին յանցագործութեան մասին հաղորդում պիտի ներկայացնեն Հայաստանի գլխաւոր դատախազութեան՝ պահանջելով քրէական գործ յարուցել օրէնսդիր իշխանութեան ներկայացուցիչներուն եւ բարձրաստիճան պաշտօնատար այլ անձերու յանցակցութեամբ առանձնապէս ծանր յանցանքներ կատարելու փաստերու առիթով:
Լիազօր ներկայացուցիչները 30 Յունիսին, առաւօտեան ժամը 10ին Հայաստանի գլխաւոր դատախազութեան առձեռն պիտի յանձնեն երեք կուսակցութիւններուն միացեալ հաղորդումը՝ յանցագործութեան մասին։