ԵՐԵՒԱՆ, «Ապառաժ».- Բնակչութիւնը խաղաղութեան նախապատրաստելու կոչը, ամենայն հաւանականութեամբ, Ատրպէյճանին կը վերաբերի, որովհետեւ ատրպէյճանական կողմն է, որ միշտ կը փորձէ լարուածութիւն ստեղծել ոչ միայն սահմանագիծի ամբողջ երկայնքին, այլեւ տագնապի լուծման ընթացքին մէջ:
Այս մասին «Ապառաժ»ի հետ զրոյցին ընթացքին նշեց Արցախի Ազգային ժողովի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Վահրամ Բալայեան՝ խօսելով ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի համանախագահներուն մասնակցութեամբ եւ միջնորդութեամբ 30 Յունիսին տեղի ունեցած Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներ Զօհրապ Մնացականեանի եւ Էլմար Մամետեարովի առցանց հանդիպումին եւ անոր յաջորդած յայտարարութեան մասին:
«Միջնորդ երկրները քաջ գիտակցում են, որ Ադրբեջանն է մշտապէս ռազմատենչ կոչերով եւ յայտարարութիւններով հանդէս գալիս: Այս անգամ էլ կողմերի միջեւ փորձել են հաւասարութեան նշան դնել, մինչդեռ յայտարարութիւնը պէտք է հասցէական լինի եւ ուղղուած Ադրբեջանի ղեկավարութեանն ու հասարակութեանը: Ադրբեջանի իշխանութիւնները պէտք է հրաժարուեն սպառնալիքի լեզուով խօսելուց, որովհետեւ միայն այդ պարագայում Ադրբեջանի հասարակութիւնը կարող է հասկանալ, որ իր երկրի ղեկավարութիւնը տրամադրուած է հարցին խաղաղ ճանապարհով լուծում ապահովել», ըսաւ Վահրամ Բալայեան:
Ըստ Վահրամ Բալայեանի, կողմերուն միջեւ յարաբերութիւնները, բանակցային գործընթացը պէտք է շարունակուին, որովհետեւ այդ յարաբերութիւններուն ընթացքին աւելի մեծ կարելիութիւններ կը ստեղծուին հարցը տեղէն շարժելու եւ լուծումներ տալու համար:
«Սակայն Արցախեան կողմի մասնակցութեան պարագայում է միայն հնարաւոր արդիւնաւէտ դարձնել բանակցային գործընթացը: Միաժամանակ նկատենք, որ Մինսկի խմբի համանախագահող երկրների ներկայացուցիչները մէկ անգամ եւս վերահաստատեցին, որ հարցը լուծման միայն մի ճանապարհ ունի՝ խաղաղ բանակցային գործընթացի միջոցով: Ադրբեջանին հասկացւում է, որ նրա ընտրած ճանապարհը՝ ուժի միջոցով հարցի լուծումը, անընդունելի է եւ անհեռանկար», յայտնեց Արցախի Ազգային ժողովի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ Վահրամ Բալայեան:
աՆՈՆՔ ՈՐՈՆՔ ԿԸ ԿԱՐԾԵՆ ԹԷ ԱՐՑԱԽԻ ՀԱՐՑԻՆ ԼՈՒԾՄԱՆ ՀԱՄԱՐ ԽԱՂԱՂ ՊԱՅՄԱՆՆԵՐՈՎ ԼՈՒԾՈՒՄ ԿԱՅ, ՉԱՐԱՉԱՐ ԿԸ ՍԽԱԼԻՆ: ԹՈՒՐՔԻԱ ԵՒ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆ :՛, ՏԱՐԻԷ Ի ՎԵՐ ԿԸ ՋԱՆԱՆ ՄԻԱՆԱԼ ՀԱՅԱՍԱՏՆԻ ՎՐԱՅՈՎ (ՀԱՄԱԹՈՒՐԱՆԱԿԱՆ ԾՐԱԳԻՐԸ ՈՐ ԾՆՈՒՆԴ ԱՌԱԾ Է ՊԱՔՈՒԷՆ ԵՒ ԱՆՈՆՑ ՀԱՄԱՐ ՄԻԱՅՆ ԺԱՄԱՆԱԿԻ ՀԱՐՑ Է: ԹՈՒՐՔԻԱՆ ՊԻՏԻ ՈՐՈՇԷ ԵՐԲ ԿԱՄ ԻՆՉՊԷՍ: ԶԳՈՅՇ ԸԼԼԱԼՈՒ Է, ՄՆԱՑԱԾԸ ԺԱՄԱՆԱԿ ՇԱՀԵԼՈՒ ԽԱՂԵՐ ԵՆ ՄԻԱՅՆ: