ԼԻԶՊՈՆ.- «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Հայկական համայնքներու բաժանմունքը Ապրիլին յայտարարեց Սփիւռքի ուսուցիչներուն ուղղուած մրցանակ մը:
«Հայերէնով դասաւանդողներու առցանց ուսուցումի մրցանակ»ին նպատակն էր՝ քաջալերել Պսակաձեւ ժահրին պարտադրած ինքնամեկուսացումին պատճառաւ առցանց հարթակներ տեղափոխուած կրթական ընթացքին մէջ հայերէնով իրենց ներդրումը ունեցող ուսուցիչներուն անհատական աշխատանքները:
Ուսուցիչները պէտք է դիմէին՝ ներկայացնելով իրենց պատրաստած նիւթերը, իրենց աշակերտներուն հետ ունեցած հաղորդակցութեան օրինակները, եւ իրենց օգտագործած առցանց հարթակին վրայ իրականացուած ուսուցողական տուեալ աշխատանքին ընթացքն ու նպատակակէտերը բացատրող գրութիւն մը:
Մրցանակը դիմումներ ընդունեց վեց շաբթուան ընթացքին: Դիմումներուն արժեւորումի աշխատանքները կատարուեցան երկշաբաթեայ դրութեամբ, եօթը հոգիէ բաղկացած յանձնախումբի մը կողմէ, եւ նկատի ունենալով հետեւեալ չափանիշերը.
– Առցանց համակարգերու գործածութեան մէջ առաջարկուած նորարար մօտեցումները.
– Մանկավարժական մեթոդաբանութեան կիրարկելիութիւնը եւ ճկունութիւնը.
– Աշակերտներուն մասնակցութիւնը եւ անոնց համար «հաճելի»ի ազդակը.
– Գործադրութեան եւ հայերէնի գործածութեան որակը.
– Ուրիշներուն կողմէ ծրագիրին գործածելիութեան հեռանկարը։
Այս վեց շաբաթներուն ընթացքին, հիմնարկութիւնը ստացաւ 13 երկիրներէ 106 դիմումներ՝ ամէնօրեայ եւ շաբաթօրեայ հայկական դպրոցներու մէջ աշխատող ուսուցիչներէ: Դիմողներուն մեծամասնութիւնը հայոց լեզուի դասատուներ էին, բայց մրցանակը սահմանափակուած չէր իրենցմով: Պատմութեան, կրօնի, թուաբանութեան, գիտութեան, արուեստի եւ նոյնիսկ մարզանքի ուսուցիչներ դիմեցին իրենց տարբեր բնոյթի աշխատանքներով՝ անոնցմէ իւրաքանչիւրը բացայայտելով իր եւ իր աշակերտներուն ունեցած փորձառութիւնը հեռավար ուսումնառութեան աշխարհին մէջ: Դիմողներուն միջին տարիքը 44 էր:
Հիմնուելով դիմողներու մեծ թիւին վրայ եւ կարելի եղածին չափ շատ ուսուցիչներ քաջալերելու նպատակով, նախապէս յայտարարուած 30 մրցանակներուն փոխարէն հիմնարկութիւնը տրամադրեց 500 տոլար արժողութեամբ 49 նպաստներ, քաջալերելով դիմողներուն 46 տոկոսը:
«Մեր սրտագին շնորհաւորանքները կը փոխանցենք բոլոր մրցանակակիրներուն: Դժբախտաբար, չէինք կրնար մրցանակ տրամադրել բոլոր մասնակցողներուն: Այնուամենայնիւ կը գնահատենք բոլորին ջանքերը եւ ընդհանրապէս հայերէնի դասաւանդումին դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն դիմաց անոնց կատարած մեծ աշխատանքը՝ մանաւանդ համաճարակի այս օրերուն», ըսաւ Հայկական համայնքներու բաժանմունքի տնօրէն դոկտ. Ռազմիկ Փանոսեան:
Յաւելեալ տեղեկութիւններու եւ «Հայերէնով դասաւանդողներու առցանց ուսուցումի մրցանակ»ին մրցանակակիրներուն անուանացանկին ծանօթանալու համար՝ այցելել gulbenkian.pt/armenian-communities/ կայքէջը: