ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Ամերիկայի Ձայն»․- Քաղաքական գործիչներ եւ կրթական բնագաւառի պաշտօնատարներ կը քննադատեն համալսարանական դասընթացքները առցանց կատարելու համալսարաններու որոշումին պատճառով, օտար ուսանողներու հեռացումը պահանջող կառավարութեան որոշումը:
Միացեալ Նահանգներու ներգաղթի եւ սահմանային հսկողութեան ծառայութիւնը այս շաբաթ յայտարարեց, որ այն ուսանողները, որոնց դասընթացքները ներկայիս առցանց կը կատարուին, պետք է հեռանան երկրէն, այլապէս կրնան արտաքսուիլ: Որոշումը կը վերաբերի այն ուսանողներուն, որոնք F-1 եւ M-1 վիզաներ ունին:
Ըստ կրթական համակարգի տուեալներուն՝ ամերիկեան համալսարաններուն առնուազն 9 տոկոսը որոշած է այս տարուան աշնանային դասընթացները ամբողջութեամբ առցանց կատարել:
«Հարվըրտ» համալսարանի նախագահ Լերի Պաքով ներգաղթի եւ սահմանային հսկողութեան ծառայութեան որոշումը «բթամիտ» որակեց:
«Համաճարակի պայմաններուն մէջ օտար ուսանողները Ամերիկայէն վռնտելու որոշումը վիրաւորական է ուսանողներուն համար: Անիկա անմիտ, դաժան եւ օտարամերժութեան վրայ յենած որոշում է», իր կարգին ըսաւ ծերակուտական Էլիզապէթ Ուորըն ։
Միայն անցեալ տարի, ուսանողական վիզաներ տրուած են առաւել քան 373,000 երիտասարդներու, իսկ օտար ուսանողներու՝ երկրին բերած տարեկան եկամուտը կը գնահատուի 45 միլիառ տոլարով: