ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա»․- 6 Յուլիսին, Պերլինի մէջ, երկու իսլամ ծայրայեղականներու կողմէ դանակներով յարձակման ենթարկուեցաւ խորհրդարանականի մը խորհրդական եւ վերլուծաբան՝ սուրիահայ գաղթական Գէորգ Ալմասեան, որ հազիւ կրցաւ փրկել իր կեանքը, կը գրէ գերմանական Journalisten Watch կայքը։
Սուրիոյ պատերազմի գաղթականներէն մէկը հադիսացող Ալմասեան 2018էն վեր կ՛աշխատի պատգամաւոր Մարքուս Ֆրոնմայերի գրասնեակը: Ան անցեալ տարուընէ սկսեալ մահուան սպառնալիքներ սկսած էր ստանալ իսլամ ծայրայեղականներու կողմէ։
Պերլինի ոստիկանութիւնը կը հետապնդէ մահափորձը։