ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս»․- Քոնկրեսական Էտըմ Շիֆի կողքին, Քոնկրեսի Հայկական համախմբումի համանախագահ Ֆրենք Փալոն եւ ծերակուտական Էտ Մարքի իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին Հայաստանին եւ հայ ժողովուրդին՝ դատապարտելով Ատրպէյճանի նորագոյն սադրիչ գործողութիւնները:
«Ատրպէյճան անգամ մը եւս կը փորձէ պատերազմ սկսիլ Հայաստանի հետ: Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանի ու Արցախի դէմ մշտապէս թէժ հռետորաբանութիւն կիրառելը բախում մը եւս հրահրելու համաձայնեցուած ջանքերուն մէկ մասնիկն է», «Թուիթըր» ի իր էջին վրայ գրած է Փալոն:
Մարքին նոյնպէս «Թուիթըր»ի իր էջին վրայ կատարած գրառումով աջակցութիւն կը յայտնէ Հայաստանին՝ ըսելով․ «Ես կանգնած եմ Հայաստանի կողքին, որովհետեւ անիկա կը պաշտպանէ իր տարածքային ամբողջականութիւնը: Ատրպէյճան եւ Թուրքիա պէտք է յարգեն հայ-ատրպէյճանական սահմանը, պէտք է յարգեն Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին ձգտումները եւ պէտք է անմիջապէս վերջ տան ընդհարումին»: