ԵՐԵՒԱՆ, «Լրագիր».- Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ բանբեր Աննա Նաղտալեան մեկնաբանեց Ատրպէյճանի զինուած ուժերուն կողմէ Բերդ քաղաքի ռմբակոծումը։
«Ադրբեջանական կողմը շարունակում է իր ագրեսիւ գործողութիւնները հայ-ադրբեջանական սահմանին՝ դիտաւորեալ թիրախաւորելով քաղաքացիական ենթակառուցուածքներն ու բնակչութիւնը եւ ընդլայնելով լարուածութեան աշխարհագրութիւնը: Այսօր հարուածային ԱԹՍի միջոցով հրետանակոծման է ենթարկուել Բերդ քաղաքի քաղաքացիական ենթակառուցուածքի օբյէկտները», յայտնեց Նաղտալեան։
Ան դիտել տուաւ, որ Հայաստանի քաղաքացիական բնակչութեան անվտանգութեան դէմ կատարուած այս յարձակողական գործողութիւնները պիտի ստանան իրենց համարժէք պատասխանը, իսկ տեղի ունեցածին ամբողջ պատասխանատուութիւնը կը կրէ ատրպէյճանական կողմը։