ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէփրէս».- Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակեց յայտարարութիւն մը՝ Ատրպէյճանի կողմէ Տաւուշի մարզին ուղղութեամբ ռազմական գործողութիւններու վերսկսման վերաբերեալ։
Նախառառութիւնը կը տեղեկացնէ, որ 16 Յուլիսի կանուխ առաւօտուն, ատրպէյճանական զինուած ուժերը գրոհային խումբերու միջոցով վերսկսած են գործողութիւններու՝ Հայաստանի պետական սահմանին ուղղութեամբ՝ Տաւուշի մարզի Մովսէս եւ Այգեպար գիւղերուն մօտ, նաեւ օգտագործելով ականանետեր եւ հրանօթներ։ Հայաստանի զինուած ուժերուն կողմէ համարժէք պատասխան ստանալէ ետք, ատրպէյճանական ուժերը կորուստներ տալով՝ ետ մղուած են։
Յաջողութիւն չարձանագրելով մարտի դաշտին վրայ՝ ատրպէյճանական ստորաբաժանումները անցած են Այգեպար եւ Մովսէս գիւղերու ռմբակոծման՝ յանցագործ արարքով թիրախ դարձնելով քաղաքացիական ենթակառուցուածքները եւ բնակչութիւնը։
«Յատկանշական է, որ այս ագրեսիւ (յարձակողական-Խմբ.) գործողութիւնը տեղի է ունեցել մարտական գործողութիւնների դադարեցման վերաբերեալ առաւել վաղ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութեան ուխտադրուժ խախտմամբ եւ սահմաններին յարաբերական անդորրի հաստատումն արձանագրող ԵԱՀԿի Միսկի խմբի համանախագահների Յուլիսի 15ի յայտարարութիւնից յետոյ:
«Ադրբեջանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնն իր իսկ անհեռատես քաղաքականութեան արդիւնքում յայտնուել է փակուղային իրավիճակում եւ այժմ ձեռնարկում է արկածախնդիր եւ ոչ կշռադատուած քայլեր, որոնց համար պատասխան է տալու նաեւ սեփական ժողովրդի առջեւ», կը նշուի հաղորդագրութեան մէջ։