ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Լոս Անճելըսի քաղաքապետ Էրիք Կարսեթի «Թուիթըր»ի իր էջին վրայ վերջին օրերուն Ատրպէյճանէն հնչած յայտարարութիւններուն վերաբերեալ գրած է հետեւեալը. «Մենք կը կանգնինք հայ համայնքին կողքին` ընդդէմ բռնութեան, եւ կոչ կ՛ընենք Ատրպէյճանին՝ դադրեցնելու սադրիչ յայտարարութիւնները հայկական հիւլէակայանը հարուածելուն վերաբերեալ: Երկխօսութիւնը եւ դիւանագիտութիւնը տարածաշրջանին համար խաղաղութեան եւ ապահովութեան միակ ուղին են»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.