
«Հորիզոն».- Գանատայի խորհրդարանի 21 Յուլիսի նիստին պատգամաւոր Ֆայսալ Խուրի դատապարտեց ատրպէյճանական յարձակողապաշտութիւնը:
«Անտեսելով Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան կոչը՝ համաճարակի ճգնաժամին ընթացքին հրադադարը յարգելու, Թուրքիոյ անմիջական նեցուկը վայելող Ատրպէյճանի կառավարութիւնը սպառնաց ռմբակոծել Հայաստանի կորիզային կայանը եւ տագնապին ընթացքին թիրախ դարձուց անմեղ քաղաքացիներ», յայտարարեց Խուրի։
Իր ելոյթին աւարտին, ան անմիջական զինադադարի կոչ ուղղեց։
Յիշեցնենք, որ անցնող օրերուն, Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի կոչին ընդառաջելով՝ Գանատայի խորհրդարանի անդամ պատգամաւորներ դատապարտեցին Ատրպէյճանի յարձակողապաշտ քաղաքականութիւնը։
Միւս կողմէ, Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբին ուղղուած 21 Յուլիս թուակիր նամակով մը Գանատայի խորհրդարանի պաշտօնական ընդդիմադիր Պահպանողական կուսակցութեան ղեկավար Անտրիւ Շիր խստօրէն դատապարտեց Հայաստանի հանդէպ ատրպէյճանական յարձակողապաշտ արարքները։
Նշելով, որ միշտ հպարտ զգացած են Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբին հետ համագործակցելու առիթներով՝ ընդդիմութեան ղեկավարը նամակին մէջ կը յայտնէ, որ Պահպանողականները միշտ արտայայտած են իրենց մտահոգութիւնը՝ ի տես Արցախի եւ տարածաշրջանին մէջ կատարուող բռնարարքներուն։ «Մենք կը շարունակենք կոչ ուղղել Գանատայի իշխանութիւններուն, որպէսզի աջակցին Արցախի ժողովուրդի ազգային ինքնորոշման իրաւունքին», նամակին մէջ կը հաստատէ Անտրիւ Շիր։
Պահպանողական ղեկավարը նամակին մէջ կոչ կ՛ուղղէ հակամարտ կողմերուն՝ յարգելու զինադադարը եւ զօրակցութիւն կը յատնէ ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի խաղաղարար նախաձեռնութիւններուն։