ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Տաւուշի մարզի Չինչին գիւղին մէջ եռեակ մը ծնած է։ Այս մասին յայտնեց Տաւուշի մարզպետարանի հանրային կապերու պատասխանատու Լիլիթ Սարգսեան:
Ան նշեց, որ երեխաներուն մայրը՝ Հեղինէն, կ՛աշխատի Ներքին Կարմիրաղբիւր գիւղի միջնակարգ դպրոցին մէջ՝ իբրեւ ուսողութեան դասատու։
Դպրոցը մեծ ոգեւորութեամբ ընդունեց երեխաներուն ծնունդի լուրը: